Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերյիշելով…

January 15, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այդ երեկոն տարիներու հեռաւորութենէն ե՛ւ կարօտով ե՛ւ լուսաւոր զգացումով կը յիշեմ: Որոշած էի ծննդավայր Հալէպիս փողոցներով անցնիլ: Քալել: Միայն քալել:

Ամիսը արդէն կիսուած էր: Պարզ գիշեր էր, եւ դուրսը ծոյլ քամի մը կար: Անձրեւը դարձեալ նոյն հողն էր, որ կը ծեծէր: Շաբաթէ մը ի վեր ժամեր շարունակ երկինքը թաց տաղտուկ մը ձգած էր: Անօրինակ տաղտուկ մը կար նաեւ մտքիս մէջ:

Ու… արդէն սկսած եմ քալել: Կը քալեմ եզակի, սակայն հաստատ ինքնագոհութեամբ մը, թէեւ հոգիս պաշարուած էր երկիւղով, եւ կսկիծը կը հոսէր սրտէս: Նոյնիսկ ներքին ձայներ սկսան ինծի անհանդարտ, վշտալի ու խռովալի սրտի նման բաներ մը յուշել: Բայց կը քալեմ:

Թերեւս շատերու համար անիմաստ եւ ապարդիւն, սակայն ինծի համար` հաճելի, որովհետեւ հետս են երազներս, անհամար յուշերս եւ հին ու նոր սէրերս, որոնք իրենց տէրերը կը փնտռեն:

Կը քալեմ` միաժամանակ փնտռելով այն բոլոր դէմքերը, որոնք ճակատագրի հարուածներէն ոչնչացած էին: Նոյնիսկ` անուններ եւ դէմքեր, որոնք օր մը ինքնակամ գաղթեցին: Դէմքեր, որոնք պահուեցան ճակատագրին քմահաճ ծիծաղներուն տակ: Ու յամառօրէն կը քալեմ փնտռելու համար մեր տունը, մեր թաղերը, նոյնիսկ` թաղիս կատուները, խանութներու եւ տուներու լոյսերը, գիշերային պահակը:

Կը քալեմ փնտռելու համար մեր փողոցի ծառերը, որոնք տերեւներով ծածկուած կ՛ըլլային: Կը փնտռեմ տերեւները կեանքի, որոնք կ՛իյնային ոտքերուս առաջ:

Կը քալեմ փնտռելու համար եկեղեցւոյս խաչը եւ մզկիթէն արձագանգող աղօթքը, թաղիս ու փողոցներու մէջ պտտող փոքրերուն կանչը, տուներէն ներս օրօրոցները ու սիրային փսփսուքները: Այս բոլորին հետ կ՛ուզեմ հաղորդակցիլ իրենց ինծի ժառանգած անցեալին հետ:

Ու յանկարծ կը զգամ, որ դարձեալ, փոխան բառերու, լռութեամբ կը խօսիմ եւ անհամբեր ու հետաքրքիր շուրջիններուս կը հարցնեմ, թէ ո՞ւր են այն թաղերը, փողոցներն ու հրապարակները, որոնք նռան կուտերուն նման կը վխտային մարդոցմով` վաճառողներով, մսավաճառներով, ձկնավաճառներով, դպրոցականներով: Ու ամէն քայլափոխի սիրտս փլուզումներու ահն էր, որ  կը զգար: Անդադար կարօտ մը, որ կոկորդդ կը սեղմէ ու ներքնապէս կը հիւծէ մարմինդ:

Կը քալեմ` իբրեւ երկրորդ հայրենիքի զաւակ, իբրեւ հայ մարդ այս ամբողջութեան մէջ, խաղաղ, հաշտ եւ նոյնքան ալ անհաշտ: Բարդ զգացում եւ ինքնածին` զգացական պոռթկում:

Ու հիմա կը տեսնեմ. ատելութիւն կայ, անիկա ցանուած է ամէն տեղ: Ու վախս կը մնայ իր տեղը:

Է՜հ, կար ժամանակ, որ աղուոր անկեղծութեամբ ու պարզութեամբ մեր կեանքը կ’արժեւորէինք: Իսլամ դրացիին հետ հաց կը կիսէինք հանդարտօրէն ու հաշտ, մեր ուրոյն եւ սակայն պատմական մտածողութեամբ: Սովորութեան ուժով եւ միշտ հաւատք ընծայելով, թէ հինը, եթէ նոյնիսկ դառնութիւն ունի, այդ մէկն ալ հաճելի է: Ու այս մէկը մեզի անսահման ուրախութիւն կը բերէր: Հոգի կը դնէր մեր երգերուն մէջ եւ շունչ կու տար մեր առօրեային:

Իսկ հիմա, ա՛յս վայրկեանիս, քալելու այս պահուս, երբ խոր ցնցումը ներսս է,  ենթագիտակցութեանս մէջ, կը տեսնեմ ատելութեան ծուխը, որ կը կուրցնէ աչքերս: Կը փակեմ աչքերս ու կը տեսնեմ,  որ Աստուած ինքն ալ իր աչքերը փակած է այդ ծուխէն, աշխարհի մարդոց ամօթէն: Որովհետեւ յանկարծ խաղաղութիւն, ամօթխածութիւն, արդարութիւն սուտ դարձած են:

Յուսախաբ ու տխրութեամբ կը մտածեմ` միաժամանակ մեղքի զգացումը ապրելով: Սակայն, ի տես այս իրավիճակներուն, մէջս նահանջող կամքը զարմանալիօրէն ներքին հաշտութիւն մը կը բերէ:

Կ՛ըսեն, որ յուսահատութիւնը երբեմն այսպէս տիրաբար դուռը կը բանայ, որ նոյնիսկ անկարելին յանկարծ կը թուի ըլլալ միակ նախապատուելին:Իրաւ էին:

Կը զգայի հեւքոտ կեանքի տառապանքը հայրենակիցներուս, որ կաթիլ-կաթիլ կուտակուելով` ժամերուս ջերմութիւնը կը գողնային:

Բայց կ՛ուզեմ կրկնել. հոն, այդ քաղաքիս մայթերուն վրայ տեսանելի է իր անցեալը` հայկականութիւն բուրող, յաւերժական պատմումով, ներդաշնակ ու խոր: Տակաւին,  իր մօտիկ անցեալին մէջ միշտ ժպիտ կար, արցունքէն աւելի, եւ ուրախութիւն` վիշտէն:

Հո՛ն նուիրեալներու սերունդ մը կար` օրինակելի ու նոյնքան ալ պատմական: Հոն կ՛իշխէր հայ աւանդոյթը, որ կը կառավարէր հայ կեանքը եւ կը սահմանէր մեր բոլորին մտածումները:

Մէկ խօսքով, պարզութիւն կար մեր այդ ապրած կեանքին մէջ: Մեզի համար` երանելի ու անկրկնելի աշխարհ մը:

Անոր համար աշխուժ եւ երջանիկ էինք: Է՜…

bedig43@aol.com

 

Նախորդը

Գաղութէ-Գաղութ

Յաջորդը

Իրանը Ճնշման Ներքոյ, Բայց` Ոչ Փլուզման Եզրին Ներքին Լարուածութիւն, Արտաքին Ուղղորդում, Վերահսկելի Ճգնաժամ

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.