Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 13, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Թեհրանի մէջ տեղի ունեցողն ու վարչակարգը տապալելու ժողովրդային շարժումին զուգահեռ Ուաշինկթընի կողմէ զինուորական յարձակումի մը հաւանականութիւնը մեծապէս նպաստեցին, որ Նեթանիահուն վերատեսութիւն կատարէ եւ նախընտրէ հիւսիսային ճակատը չշիկացնել»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ականաւոր շրջանակներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Երեք արաբական ու արեւմտեան մայրաքաղաքներու մէջ իսրայէլեան յարձակումէն խուսափելու համար Հըզպալլայի զէնքին դիմաց բան մը տալու խօսակցութեան» վերաբերեալ «մտահոգիչ» տուեալներ գոյութիւն ունին»:

. ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ դիւանագիտական աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Իսրայէլեան սպրդուած լուրերու ալիքի մեծամասնութիւնը, որ կը կեդրոնանայ պատերազմի ծիրի ընդլայնման եւ նոր զինուորական արշաւի մը յաջողութեան երաշխիքներու չգոյութեան վրայ, անպայման չ՛արտացոլացներ կացութեան հանդարտեցման վերաբերեալ վճռական ուղղուածութիւն մը, այլ կ՛օգտագործուի իբրեւ երկու նպատակներու ծառայող միջոց»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ հեղինակութիւն մը «Անպա» օրաթերթին. «Շրջանային միտումները վերջին երկու տարիներուն ընթացքին քանի մը ճակատներու վրայ գագաթնակէտի հասնելէ ետք կը գտնուին իրենց «վերջին երկունքին» մէջ, ինչ որ պայմանաւորուած է վերջին երկու տասնամեակներու ընթացքին Միջին Արեւելքի բազմաթիւ երկիրներու մէջ տիրող անկայունութեամբ»:

. ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ պաշտօնատարներու հետ եւրոպական բանակցութիւններուն ծանօթ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Պատուիրակութիւններու մեծամասնութիւնը շրջան այցելութիւն մը կատարեցին, որ ներառեց Սուրիան, Յորդանանն ու Կիպրոսը, եւ անոնց առաքելութիւնը կը տեղաւորուի Լիբանանին բոլոր մակարդակներու վրայ օգնելու եւրոպական որոշումի ծիրին մէջ»:

. «ԱՍԱՍ»-ի տեղեկութեան համաձայն, «Ֆրանսայի նախագահի պատուիրակ Լը Տրիան, որ չորեքշաբթի օր Լիբանան պիտի այցելէ, արդիական տուեալներ պիտի փոխանցէ բանակի աջակցութեան խորհրդաժողովին վերաբերեալ, որ ամենայն հաւանականութեամբ պիտի գումարուի Փարիզի մէջ` ամբողջացնելու համար հոկտեմբեր 2024-ին Փարիզի մէջ գումարուած խորհրդաժողովը, որուն ընթացքին նուիրատուները միլիառ տոլար նուիրեցին»:

. ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Հաւանական է, որ 17 յունուարին նախատեսուած «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի ժողովի թուականը փոխուի, եւ անիկա գումարուի 18 կամ 19 յունուարին, որովհետեւ ի յայտ եկաւ, թէ ճշդուած թուականը կը զուգադիպի շաբաթ օրուան, որ Իսրայէլի մէջ պաշտօնական արձակուրդի օր է»:

. «ԷԼ.ՊԻ.ՍԻ.»-ի տրամադրութեան տակ գտնուող տուեալներուն համաձայն, սէուտցի պատուիրակ Եազիտ Պըն Ֆարհան իշխանը Պէյրութ պիտի այցելէ: Այցելութիւնը պիտի համընկնի Ֆրանսայի նախագահի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիանի Լիբանան ներկայութեան, սակայն մինչեւ հիմա թուական չէ նշուած:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Լը Տրիան, Պըն Ֆարհան եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսա հանդիպում պիտի ունենան քանի մը լիբանանցի պաշտօնատարներու հետ` քննարկելու համար լիբանանեան բանակին աջակցելու խորհրդաժողովը: Տակաւին յստակ չէ, թէ Քաթարի պատուիրակը այդ հանդիպումներուն պիտի մասնակցի՞, թէ՞ ոչ»:

Աղբիւրները աւելցուցած են, որ Ֆրանսայի` «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին մէջ Լիբանանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի նման քաղաքային ներկայացուցիչով մասնակցութիւնը մերժուելէն ետք, ջանքեր կը գործադրուին վերականգնելու համար հնգեակը, որպէսզի Ֆրանսան անոր մէջ դեր ունենայ:

Նախորդը

Նշմար. «Ռութին»-ը Եւ Փոփոխութիւնը…

Յաջորդը

Քպէյսի. «Դիմադրութեան Զինաթափումը Պահանջողը Նախ Պէտք Է Իսրայէլէն Հեռանալ Եւ Յարձակումները Դադրեցնել Պահանջէ»

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Որոշեց Ոչ Զինուորական  Հանգստեան Կոչուածներուն Ամսական  12 Միլիոն Ոսկիի Դրամաշնորհ Տրամադրել
Լիբանանեան

Կառավարութիւնը Որոշեց Ոչ Զինուորական Հանգստեան Կոչուածներուն Ամսական 12 Միլիոն Ոսկիի Դրամաշնորհ Տրամադրել

January 14, 2026
Լիբանան Ճերմակ Հագաւ
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանան Ճերմակ Հագաւ

January 14, 2026
Եգիպտոսի Մէջ.  Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ Եգիպտոսի Եւ Յորդանանի Իր Պաշտօնակիցներուն Հետ
Լիբանանեան

Եգիպտոսի Մէջ. Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ Եգիպտոսի Եւ Յորդանանի Իր Պաշտօնակիցներուն Հետ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.