Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քպէյսի. «Դիմադրութեան Զինաթափումը Պահանջողը Նախ Պէտք Է Իսրայէլէն Հեռանալ Եւ Յարձակումները Դադրեցնել Պահանջէ»

January 13, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպէյսի յայտնեց. «Իսրայէլ յստակ կերպով կը ջանայ Դիմադրութիւնը սանձել, զինաթափել, զայն իր կարողութիւններէն ու կարելիութիւններէն զրկել»:

«Ցաւալին լիբանանեան կարծիքներն են, որոնք տարբեր վերնագիրներու տակ Դիմադրութեան զինաթափման կոչ կ՛ուղղեն, երբ Դիմադրութիւնը հսկայական զոհողութիւններ կատարեց, եւ անոր ղեկավարները նահատակուեցան հայրենիքի պաշտպանութեան համար», ըսաւ երեսփոխանը:

«Հայրենիքը պէտք է թշնամիին դէմ համախմբուի, սակայն Լիբանանի մէջ, դժբախտաբար, կը հնչեն ներքին ձայներ, որոնք կը մերժեն Դիմադրութեան երթն ու առաքելութիւնը, նոյնիսկ առօրեայ յարձակումներէն եւ Դիմադրութեան անդամներու եւ երիտասարդներու ահաբեկութեան գործողութիւններէն ետք», յայտնեց ան:

«Հարաւային Լիբանանը ե՞րբ պետութեան իրեն հասնիլը մերժած է: Հարաւային Լիբանանի բնակիչները ե՞րբ չյարգեցին լիբանանեան բանակն ու նախատեցին անոր զոհողութիւնները», հարց տուաւ երեսփոխանը` աւելցնելով. «Պետութեան բանակը տեղակայելու եւ ապահովութեան հսկելու որոշումը բոլոր կողմերէն պահանջուած ու ողջունուած է»:

Քպէյսի զգուշացուց «ոմանց իսրայէլեան պայմանները ներքին քաղաքական դիրքորոշումներու ճամբով գործադրելու փորձերէն»` նշելով. «Այդ պայմանները բռնի Լիբանանին պարտադրելը մերժելի է»:

«Երկրին կայունութիւնը կը պահանջէ համակեցութիւնն ու ազգային միասնականութիւնը ամրապնդել, երբ բոլոր լիբանանցիները միասնական կ՛ըլլան ընդդէմ սիոնական թշնամիի, որովհետեւ ներքին պառակտումը այն հիմնական գործօնն է, որ Լիբանանը կը տկարացնէ եւ թշնամիին ամբարտաւանութիւնը կ՛աւելցնէ», ըսաւ ան:

Երեսփոխանը քննադատեց «կարգ մը ուժերը, որոնք կը ջանան իրենց տեսակէտները պարտադրել` հիմնուելով արտաքին յարաբերութիւններու վրայ, որոնցմէ ուժ կը ստանան»:

Քպէյսի ցաւ յայտնեց, որ կը լսուին «լիբանանեան ձայներ, որոնք Դիմադրութեան զինաթափումը կը պահանջեն: Անոնք նախ Իսրայէլի լիբանանեան հողերէն հեռացումը, յարձակումներուն եւ ահաբեկումներուն դադրեցումը պէտք է պահանջեն:

«Լիբանանեան ներքին դիրքորոշումը պէտք է միացեալ ըլլայ, որովհետեւ պառակտումը Լիբանանի տկարութեան աղբիւրն է, եւ բանակն ու Դիմադրութիւնը արտաքին քաղաքական ճնշումներուն առջեւ կը դարձնեն խոցելի»:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պայրագտարեան Գահիրէ Կ՛այցելէ

RelatedPosts

Ռուպիօ ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք  Այլընտրանքային Հսկողութեան  Մեքանիզմի Մասին Կը Խօսի
Լիբանանեան

Ռուպիօ ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Այլընտրանքային Հսկողութեան Մեքանիզմի Մասին Կը Խօսի

November 11, 2026
Ընդունելով Պաշտպանութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Կոչ Կ՛ուղղենք  Լիբանանի Գերագոյն Շահերուն  Ոչ Համահունչ Պատճառներով Բանակը  Չթիրախաւորելու»
Լիբանանեան

Ընդունելով Պաշտպանութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Կոչ Կ՛ուղղենք Լիբանանի Գերագոյն Շահերուն Ոչ Համահունչ Պատճառներով Բանակը Չթիրախաւորելու»

November 11, 2026
Պասիլ Նախագահ Աունին Միջազգային  Ուժերուն Վերաբերեալ Առաջարկ Մը Յանձնեց
Լիբանանեան

Պասիլ Նախագահ Աունին Միջազգային Ուժերուն Վերաբերեալ Առաջարկ Մը Յանձնեց

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.