Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նորին Խորհուրդը

January 13, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՄԷՆ ԱԲՂՅ.

Դարձեալ Նոր տարի է:

Նոր յոյսերով, նոր երազներով, նոր իղձերով ու փափաքներով կը դիմաւորենք նոր տարի մը: Մեր մէջ կ՛արթննայ նորին երթալու, նորը տեսնելու եւ շօշափելու խոր մարմաջ մը: Բայց երբ կ՛ըսենք` «Նոր տարի», ի՞նչ կը հասկնանք. միայն թիւի փոփոխութի՞ւն, տարիքի ա՞ճ, թէ՞ անցեալը ետին ձգելու եւ անկէ դասեր քաղելու փորձ:

Նոր տարին կոչ մըն է` նոր մարդ դառնալու, ինչպէս Պօղոս առաքեալ կը թելադրէ` հինէն նորին ձգտելու: Ան մեզ կը հրաւիրէ` մեր մտայնութիւնը, հոգին, սիրտը եւ կեցուածքը նորոգելու, ներսէն վերափոխուելու եւ կեանքին դիմաց կանգնելու նոր լոյսով ու նոր յոյսով:

Մարդկային կեանքը մշտապէս նորոգուող ապրումի ընթացք մըն է: Եթէ կ՛ուզենք, որ մեր կեանքը ըլլայ արդիւնաւէտ, ստեղծագործ, իմաստալից եւ երջանիկ, ապա նախ եւ առաջ անհրաժեշտ է նորոգել մենք զմեզ եւ նոր թափ հաղորդել մեր կեանքին: Մեզմէ կը պահանջուի այն ազնուական ձգտումը, որ միշտ վատէն լաւին, իսկ լաւէն լաւագոյնին բարձրանանք:

Միաժամանակ, պէտք է անսանք Պօղոս առաքեալի հրաւէրին` մեր մէջէն հրաժարեցնելու հին մարդը եւ նոր մարդ ըլլալու (Եփեսացիս 4.22–24): Այս նորոգութիւնը արտաքին փոփոխութիւն մը չէ միայն, այլ խորքային վերափոխում` մտքի, հոգիի եւ կեցուածքի, որ մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի լիարժէք ու լուսաւոր կեանք:

Նոր տարին լաւագոյն առիթն է մեր անձերը, մեր կեանքը ինքնաքննութեան բովէն անցընելու, ապա` մեր աչքերը յառելու դէպի նոր հորիզոններ, նոր նուաճումներ ու նոր յաջողութիւններ: Կը տեսնէ՞ք` գրեթէ ամէն ինչի մէջ «ՆՈՐ» բառը կը յայտնուի: Անիկա սովորական բառ մը չէ, այլ` խորին խորհուրդ մը պարունակող արտայայտութիւն, որուն մէջ թաքնուած են մարդուն կեանքը աւելի կենդանացնող, մտածելակերպը նորոգող եւ ապրելակերպը բարեփոխող գաղտնիքներ, որոնք զինք կը մղեն վերափոխուելու եւ կեանքին դիմաց կանգնելու նոր լոյսով ու նոր ոգիով:

Նոր տարուան շեմին մեր բնակարանները կը վերածուին տօնական ու ջերմ միջավայրի մը, ուր տօնածառը, լոյսերը եւ մսուրի ներկայութիւնը կը ստեղծեն ուրախութեան ու խաղաղութեան մթնոլորտ: Սակայն այս բոլորէն անկախ եւ այս բոլորէն վեր, ամէնէն էականը մեզի համար` իբրեւ քրիստոնեաներու, անոնց խորհուրդն ու իմաստն է: Մեզի շատ սիրելի Վարուժան արք. Հերկելեան արդարացիօրէն ըսած է.

«Տօնածառ ու մսուրներ զարդարելը մեր բացարձակ իրաւունքն է, բայց եթէ անոնցմէ բխող ոգին չենք ցոլացներ ուրիշներու դէմքին ու հոգիին վրայ, կը նշանակէ, որ քրիստոնէութենէ պաղած եւ հայաթափ հայորդիներ ենք` դատապարտուած այս կեանքին մէջ խեղդուելու եւ վերջանալու»:

Ուստի, ծառին կանաչութիւնը, անոր վրայի զարդարանքները, գագաթին տեղադրուած աստղը, մսուրը եւ անոր մէջ գտնուող սուրբ անձերը սոսկ արձաններ կամ արտաքին զարդարանքներ չեն: Իւրաքանչիւրը իր լուռ կեցուածքով դաս մը ունի մեզի փոխանցելու, պատգամ մը ունի տալու մեզմէ իւրաքանչիւրին` հրաւիրելով ապրելու այս խորհուրդը մեր առօրեային մէջ:

Ուստի, երբ մեր տուները, սենեակները, գրասեղանները կամ գործատեղիները կը զարդարենք, կ՛արժէ պահ մը կանգ առնել եւ նայիլ այդ բոլորին ոչ միայն աչքերով, այլեւ` մեր սրտերով, փորձելով անոնց մէջէն քաղել օրուան սրբազան պատգամը: Տէրը մեզմէ արտաքին մեծութիւններ չ՛ակնկալեր` ո՛չ շքեղ ծառեր, ո՛չ ալ ընդարձակ մսուրներ. Ինք պարզապէս կը փափաքի, որ նախ մեր սրտերը գեղեցկացնենք Իր կենդանի խօսքով եւ մեր հոգիներուն մէջ տեղ տանք, որ հոն ծնունդ առնէ Յիսուս Մանուկը: Ահա ա՛յս է ճշմարիտ ակնկալուածը:

Նոր տարին մեզի կը յիշեցնէ, որ իրական փոփոխութիւնը նախ մեր հոգեւոր աշխարհէն կը սկսի: Նորութիւնը մենք կը ձեւաւորենք յանձնառու աշխատանքով եւ ներքին պայքարով: Իսկ երբ այդ նոր շունչը արմատաւորուի մեր մէջ, չսահմանափակենք անձնական շրջանակով, այլ վերածենք պարգեւի մը եւ սիրով փոխանցենք նաեւ մեր շրջապատին:

Նոր տարուան ամէնէն նշանակալից եւ կենսական հարցումը, զոր պէտք է մենք մեր անձերուն հարցնենք, հետեւեալն է. «Ո՞ւր եմ ես եւ ո՞վ եմ ես». մենք միշտ այս հարցումը կ՛ուղղենք ուրիշներուն, որովհետեւ մեր անձերը միշտ զբաղած են այլոց հարցերով, բայց, եկէ՛ք, այս տարի այս հարցումը ուղղենք մեր անձերուն: Ներկայի մեր պատկերը դիտենք աստուածաստեղծ հայելիին ընդմէջէն տեսնելու համար, թէ որքանո՛վ կրցած ենք պահել Աստուծոյ պատկերը մեր մէջ, որքանո՛վ հաւատարիմ ենք Աստուծոյ:

Սիրելի՛ ընթերցող, Նորին նայէ՛, Նորի՛ն գնա եւ վստա՛հ եղիր, որ այդ ՆՈՐԸ, Ինքնին Քրիստոսն է, որ կը նորոգէ կեանքդ:

Նորոգող հնութեանց,

Նորոգեա՛ եւ զիս,

Նորոգ զարդարեա՛:

2 յունուար, 2026

Նախորդը

Կը Բուժուի՞նք Մեր «Մեղքի Բաժին»-էն

Յաջորդը

2025-ին «Հայաստան-Արցախ Ֆոնտ»-ը Հայաստանին 41 Միլիոն Տոլարի, Իսկ Լիբանանին 4 Միլիոն Տոլարի Դեղորայք Հայթայթած Է

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.