Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թամ Պարրաք եւ Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատի շաբաթ օր հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով քրտական ուժերու Հալէպէն «խաղաղ հեռացումը» անհրաժեշտ նկատեցին:
Պարրաք եւ Սաֆատի ուրբաթ գիշեր իրենց հանդիպումի ընթացքին քննարկած են Սուրիոյ մէջ «կացութեան նորութիւնները» եւ «Հալէպի մէջ արձանագրուող զարգացումները»:
Ամերիկացի պատուիրակին «Էքս»-ի վրայ անգլերէնով հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը հաստատէ. «թագաւորութեան եւ Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը զինադադարի հաստատման, Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու Հալէպէն խաղաղ հեռացման, ինչպէս նաեւ բոլոր քաղաքայիններու անվտանգութիւնն ու ապահովութիւնը երաշխաւորելու նպատակը հետապնդող ջանքերուն աջակցութիւնը»:
«Անհրաժեշտ է անմիջապէս գործադրել 10 մարտ 2025-ի համաձայնութիւնը», որ քրտական ինքնակառավարման հաստատութիւնները սուրիական պետութեան մէջ համարկելու մասին կը խօսի», յայտնեցին անոնք:


