. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Մաարիւ» օրաթերթ. «Իսրայէլ կը յետաձգէ Լիբանանի դէմ հարուածը` սպասելով Իրանի իրադարձութիւններուն եւ խուսափելով իր յատուկ զինամթերքը Հըզպալլայի վրայ մսխելէ»:
. «ԱՍԱՍ»-ի տուեալներուն համաձայն, «իսրայէլացին պիտի չդադրեցնէ Լիթանիէն հարաւ իր գործողութիւնները եւ զանոնք Լիթանիէն հիւսիս եւ Պեքայի մէջ պիտի աշխուժացնէ, այն բանէն ետք, երբ քաղաքական ղեկավարութիւնը եզրակացուց, որ Լիբանանի կառավարութեան եւ բանակի աշխատանքը բաւարար չէ Հըզպալլայի զէնքի սպառնալիքը վերացնելու համար»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ասաս»-ին. «Իսրայէլի մէջ ներկայիս մեծ պատերազմի շղթայազերծման ուղղութիւն չկայ, այնքան ատեն որ կը գործէ «կանաչ լոյս»-ի մը հիմամբ, որ անոր կ՛արտօնէ օդային յարձակումներ գործել»:
. «ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, բարձրաստիճան քաղաքական աղբիւր մը անհաւանական նկատած է Լիբանանի դէմ իսրայէլեան լայնածաւալ պատերազմ մը` հակառակ լարուածութեան շարունակման, լիբանանեան բեմին վրայ կառավարութեան քայլերը կասկածի տակ առնելու նպատակով շփոթահարութեան ստեղծման եւ անոր շարունակուող յարձակումներուն պատրուակներու տրամադրման:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Լիուա» օրաթերթին. «Իսրայէլին Լիբանանի հարցին մէջ իր նպատակայարմար նկատածը կատարել լիազօրած Թրամփ-Նեթանիահու հանդիպումի արդիւնքը յաջորդ փուլի վերլուծումը առաւել եւս կը դժուարացնէ, մանաւանդ որ Նեթանիահուն չ՛ուզեր իր ներքին ճգնաժամը անջատել շարունակուող պատերազմներէն»:
. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Բռնագրաւուած կէտերուն մէջ Իսրայէլի վերջին շրջանին կատարած կառուցման եւ ամրապնդման մեծ աշխատանքները ցոյց կու տան, թէ առնուազն մօտիկ ապագային հեռանալու նպատակ գոյութիւն չունի»:
. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Իսրայէլեան հեռացման Լիբանանի պահանջը կը թուի միակողմանի ըլլալ եւ անարձագանգ կը մնայ: Այն, ինչ որ Իսրայէլ կը կատարէ, յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ պատրաստ չէ լիբանանեան պահանջին ընդառաջելու»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Գոյութիւն ունին ՄԱԿ-ի մտավախութիւններ պատերազմական գործողութիւններու շարունակման նկատմամբ, մանաւանդ որ անոնք կը սպառնան հարցերը ընդարձակ լարուածութեան մէջ ներքաշել, ինչ որ ի շահ Լիբանանին կամ Իսրայէլին չէ, եւ այս հարցը վերջին օրերուն իսրայէլացի պաշտօնատարներու հետ քննարկման նիւթ էր»:
. «ԱՆՊԱ ԷԼԵՔԹՐՈՆԻԱ»-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Բանակի աջակցութեան խորհրդաժողովին սկզբունքային թուական ճշդուած է: Կը նախատեսուի, որ անիկա հաւասարապէս բանակին ու Լիբանանին ֆրանսական աջակցութեան ամրապնդման ծիրին մէջ գումարուի փետրուարի վերջաւորութեան կամ ամէնէն ուշը մարտի առաջին օրերուն»:
. «ԱՍԱՍ»-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Մեքանիզմի յանձնախումբի յառաջիկայ ժողովին պիտի մասնակցի Ֆրանսայի նախագահի պատուիրակ Լը Տրիանը, որովհետեւ յանձնախումբի նիստերուն Ֆրանսայի մասնակցութեան ուղեկցած են անորոշութիւններ, ինչ որ յանգեցուցած էր այն եզրակացութեան, որ յանձնախումբը իր ժողովը գումարէ միայն իր զինուորական անդամներու մասնակցութեամբ»:
. «ԱՆՊԱ ԷԼԵՔԹՐՈՆԻԱ». «Լը Տրիան, որ չորեքշաբթի Պէյրութ կ՛այցելէ, լիբանանեան թղթածրարին առնչակից դեսպաններուն հետ աշխատանքի պիտի ձեռնարկէ` պատրաստելու համար լիբանանեան բանակին աջակցութեան խորհրդաժողովը, ինչպէս նաեւ պաշտօնատարներուն հետ պիտի քննարկէ ՖԻՆԻՒԼ-ի հեռացումին յաջորդող փուլն ու Ֆրանսայի հարաւային Լիբանանի մէջ ուժեր ունենալու փափաքը»:
. «ԱՍԱՍ». «Մինչեւ հիմա յստակ չէ, թէ Մեքանիզմի յանձնախումբի ժողովին մէջ ո՛վ ամերիկեան կողմը պիտի ներկայացնէ` Մորկըն Օրթէյկը՞սը, թէ՞ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսան»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Լիուա» օրաթերթին. «Մինչեւ այս պահս Ֆրանսան Մեքանիզմի յանձնախումբի ժողովին մէջ Լիբանանի ի շահ եղող դերակատարութենէն հեռացնելու ամերիկեան փորձերը ձախողեցան»:
. «ԱՍԱՍ»-ի տեղեկութիւններուն հիմամբ, «Զէնքի մենաշնորհման ծրագիրի առաջին փուլի նպատակներու իրագործման պաշտօնական յայտարարութենէն ետք, Նաքուրայի ժողովներուն մէջ լիբանանեան մօտեցումը հիմնուած է ճնշումի բանեցման վրայ` իսրայէլեան կողմը մղելու բռնագրաւուած սահմանային դիրքերէն հեռանալը յայտարարելու»:
. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Քաղաքական ղեկավարութիւնը չի շտապեր Լիթանիէն հիւսիս զէնքի մենաշնորհման երկրորդ փուլին անցնելու` սպասելով լիբանանեան բանակին հրապարակած հաղորդագրութեան հիմամբ բանակի ծրագիրի առաջին փուլի իրականացման գնահատման արդիւնքներուն»:
. «ՏԻԱՐ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Թուրքիան ուժեղ կերպով մուտք գործեց լիբանանեան թղթածրարին մէջ` Հըզպալլայի զէնքի մենաշնորհման հարցին միւսներէն տարբեր ձեւով մօտենալով` ի պատասխան Սուրիոյ, Լիբանանի, Սոմալիի եւ Կազայի մէջ իսրայէլեան վարմունքներուն, ինչպէս նաեւ Իսրայէլ-Կիպրոս-Յունաստան դաշինքի ստեղծման ջանքերուն»:
. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութենէն աղբիւրներ «Մուտուն»-ին. «Խորհրդարանի նախագահ Պըրրի կը մերժէ օրինագիծը լիագումար նիստին ներկայացնել, ինչ որ միջամտութիւն կը պահանջէ նախագահ Աունէն կամ կառավարութենէն, որ չի կրնար օրինագիծին լիագումար նիստի օրակարգին վրայ ներառման վրայ պնդել»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Հըզպալլան զինուորագրեց շիիներ, որոնց մեծամասնութիւնը Նուպլ եւ Զահրա շրջաններէն են, եւ անոնցմէ կը սպասուի զինուորական աշխատանք տանիլ երկրին մէջ կամ անոր սահմաններէն դուրս»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Ռաժժի Արաղչիի հետ հանդիպումի ընթացքին անդրադարձաւ Իրանի մէջ ցոյցերուն եւ ամենայն բարիք մաղթեց ժողովուրդին, Արաղչին իր կարգին Իրանի կացութիւնը նմանցուց «17 հոկտեմբեր»-ի ցոյցերուն»:


