Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 10, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթ. «Ուաշինկթըն պայման կը դնէ, որ Հըզպալլայի դէմ որեւէ գործողութիւն պէտք է ըլլայ համաչափ եւ թիրախաւորէ «ահաբեկչական ենթակառոյցները»` առանց վտանգելու զինադադարը կամ շրջանը աւելի ընդարձակ մագլցումի մէջ ներքաշելու»:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ պետական ձայնասփիւռի կայան. «Նեթանիահու իր նախարարներուն յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ զինուորական գործողութիւն կատարելու ամերիկեան «կանաչ լոյս» գոյութիւն ունի»:

. ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ դիւանագիտական աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Նեթանիահուի Հըզպալլայի նկատմամբ դիրքորոշումը ծիրին մէջ է «կանաչ լոյս»-ին, որ Իսրայէլին կ՛արտօնէ թիրախաւորել կուսակցութիւնը, սակայն, այս անգամ, զէնքի մենաշնորհման բանակի ծրագիրի առաջին փուլի աւարտէն ետք բոլոր տուեալները հետագայ մագլցում ցոյց կու տան»:

. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Հաարեց» օրաթերթ. «Հըզպալլայի հետ մագլցումի դիմելը ծանր հետեւանքներ ունի եւ կրնայ հիւսիսի բնակեցման վայրերը անդամալուծել եւ զանոնք անգամ մը եւս գաղթի մղել»:

. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւրներ «Անպա» օրաթերթին. «Լիբանանի հետ սահմանին վրայ կան իսրայէլեան զինուորական մեծ կուտակումներ, որոնք զինուորական գործողութեան սպառնալիքի ծիրին մէջ չեն, այլ` պատրաստութեան, որովհետեւ սպառնալիքը կարիք չունի այսպիսի մեծ կուտակման ու լայնածաւալ ամրապնդման»:

. «ԱՍԱՍ». «Դիւանագիտական պատուհան մը տակաւին բաց կը մնայ, եւ ատիկա յստակօրէն կ՛երեւի Լիբանանի մէջ եւ անկէ դուրս դիւանագիտական աշխատանքներուն մէջ»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ հեղինակութիւն մը «Անպա» օրաթերթին. «Լիբանան յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի դիմակայէ միջազգային ճնշումներու նոր փուլ մը, որ կը կեդրոնանայ երկու հարցերու վրայ` առաջինը ընտրութիւններուն` այդ մասին խօսակցութիւններու շատնալուն ու զանոնք երկու տարիով յետաձգելու գաղափարներու շրջանառութեան մէջ դրուելուն լոյսին տակ, իսկ երկրորդը` ելեւմտական բացին»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Բանակի հաղորդագրութենէն առաջ եւ վերջ ոչինչ փոխուեցաւ, որովհետեւ իւրաքանչիւր կողմ տակաւին կառչած է իր դիրքին ու դիրքորոշման, մասնաւորաբար Հըզպալլան, որ մինչեւ այս պահս կը մերժէ Լիթանի գետէն հիւսիս իր զէնքը յանձնել»:

. ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ մասնագէտ մը «Անպա» օրաթերթին. «Օդային յարձակումներուն Պաալպեքի եւ անոր արուարձաններուն վերեւ օդանաւերու թռիչքներու միաժամանակութիւնը կարելի չէ անջատել փորձէն հաստատելու մագլցումի ճամբու քարտէս մը, որ Լիթանի գետի հիւսիսէն կ՛երկարի մինչեւ Աուալի գետ, հասնելով Պեքայի շրջաններ»:

. «ԱՍԱՍ». «Հըզպալլան կը փորձէ ճնշում բանեցնել, որպէսզի կառավարութիւնը զինադադարի համաձայնութեան իր յանձնառութիւններու կատարման սառեցումը յայտարարէ մինչեւ իսրայէլեան ամբողջական հեռացում, սակայն պաշտօնական տուեալները կը վստահեցնեն, թէ կառավարութիւնը պատրաստ չէ այդ մէկը կատարելու, եւ կրնայ Լիթանի գետի հիւսիսին մէջ «զսպում»-ի տրամաբանութիւնը կիրարկել»:

. ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Զէնքի թղթածրարին մէջ այն, ինչ որ մինչեւ հիմա կատարուեցաւ, դիւրին չէր` նկատի ունենալով, որ զէնքի մենաշնորհման առաքելութիւնը պարզ բան մը չէ, սակայն զէնքը ի վերջոյ քանի մը ամիսէն պիտի դառնայ պետութեան մենաշնորհը, եթէ հարցերը այսօրուան նման շարունակուին»:

. ԾՈՑԻ շրջանէն աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Սէուտական Արաբիան լիբանանեան առնչակից կողմերուն յայտնեց, որ ուղղակի կեպով հետաքրքրուած է շէյխ Արմիթի «Ապի Օմար Սանկարի»-ն իբրեւ սէուտցի իշխան «գործի լծման» հարցին բոլոր մանրամասնութիւնները բացայայտելով, որովհետեւ ասիկա Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ վնաս պատճառող հարց է»:

. «ԹՈԹԱԼ», «Քաթար Լիլթաքա» եւ իտալական «Էնի» ընկերութիւններու դաշինքը վարչապետարանին մէջ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ Լիբանանի հետ 8-րդ պլոքին մէջ կազի հորատման համաձայնութիւն ստորագրեցին:

. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները նուազեցան 2000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 1.306.000 լ.ո.-ի եւ 1.346.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը նուազեցաւ 3000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.229.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը մնաց անփոփոխ` 1.189.000 լ.ո.:

Նախորդը

Երեւանի Մէջ Քննարկուած Են Հայաստան-Իրան Յարաբերութիւններուն Վերաբերող Եւ Շրջանային Հարցեր

Յաջորդը

Սալամ. «Յանձնառու Ենք Բանակի Մշակած Ծրագիրին, Որ Լիթանիէն Հարաւ Զէնքի Մենաշնորհումն Ու Այլ Շրջաններու Մէջ Անոր Օգտագործման Զսպումն Է»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.