Անհասկնալի է, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնը ի՛նչ չափանիշերով ընդդիմադիր անձեր կը կոչէ «ռուսական ազդեցութեան գործակալներ»: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
Զախարովա պատասխանած է Մոսկուայի դիրքորոշման մասին լրագրողի հարցումին` հաշուի առնելով այն փաստը, որ Հայաստանի մէջ ընդդիմադիր գործիչներու եւ հոգեւորականներու հետապնդումները կ՛ուղեկցուին Ռուսիոյ եւ ռուսական հետախուզական ծառայութիւններու հետ կապերու մեղադրանքով:
«Ես հարցում ունիմ. անոնք ի՞նչ չափանիշերով կը ճշդուին: Եթէ այդ մարդիկը երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման թեր կ՛արտայայտուին, ապա Փաշինեանը եւս կը խօսի Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու զարգացման մասին: Սակայն եթէ Ռուսիոյ պատրուակով ընդդիմութեան ներկայացուցիչներու հետ հաշուեյարդար կը տեսնեն, ապա ատիկա արդէն բարեկամական մօտեցում չէ», ըսած է ան:


