Արցախի նախկին ղեկավարներ Արկադի Ղուկասեան, Բակօ Սահակեան եւ զօր. Լեւոն Մնացականեան Պաքուի դատարանին մէջ վերջին խօսք արտասանած են:
Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան եւ միւս հայ գերիներու վերջին «դատական նիստ»-ն էր: Լեւոն Մնացականեան կրկին հերքած է իրեն ուղղուած բոլոր մեղադրանքները: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Ան ներկայացուցած է իր խօսքի 51 էջնոց սղագրութիւնը` «դատավարութեան» արձանագրութիւններուն մէջ ներառելու համար: Ապա խօսք արտասանած են Արցախի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեան եւ Բակօ Սահակեան, որոնք նոյնպէս հերքած են իրենց ներկայացուած մեղադրանքները:
«Լսումներ»-ը կը շարունակուին:


