Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նուէրներու Ցանկդ Պատրա՞ստ Է

December 27, 2025
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Բնականաբար Կաղանդ պապային ուղղուած նուէրներու ցանկը ամէն տարի կը փոխուի` ըստ իւրաքանչիւր փոքրիկի տարիքին: Սակայն կան խաղալիքներ, որոնք տարիներու ընթացքին միշտ շատ սիրուած եւ պահանջուած են: Այս խաղալիքները գլխաւորաբար տարբեր ընկերային խաղերն են: Անոնք յաճախ, ըստ ուսումնասիրութիւններուն, ամէնէն շատ պահանջուած նուէրներու ցանկին առաջին կարգը կը գրաւեն: Սակայն այս տարի այս խաղերը իջած են 5-րդ կարգ, մինչ գիրքերը, լեկոները եւ ձեռային աշխատանքի տուփերը կը պահեն իրենց տեղը ցանկին առաջնահերթ դիրքի վրայ: Կարգ մը խաղեր եւ խաղալիքներ ամէնէն շատ պահանջուած 15 նուէրներու ցանկէն այս տարի դուրս մնացած են (Փոքեմոնի քարտեր, պուպրիկներ, հերոսներու կերպարներ…), մինչ ուրիշներ մուտք գործած են, ինչպէս` հագուստները:

Կաղանդի մասին…

– Գիտէի՞ր, թէ Կաղանդի ծառի սովորութիւնը կը վերագրուի Գերմանիոյ:

– Աշխարհի շուրջ ամէնէն շատ Կաղանդի իսկական ծառեր արտածող Քանատայի Նովա Սքոշիա շրջանն է:

– Աշխարհի ամէնէն մեծ ծփացող Կաղանդի ծառը կը գտնուի Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ, Պրազիլ: Անոր բարձրութիւնը կը հասնի 84,7 մեթրի:

– Գերմանիոյ մէջ առաջին արհեստական Կաղանդի ծառերը պատրաստուած էին բադի փետուրներով:

– Կաղանդի իսկական ծառ մը պէտք է մեծնայ մօտաւորապէս 15 տարի, կտրուելէ եւ ծախուելէ առաջ:

– Իր սահնակին մէջ թռչող Կաղանդ պապային պատկերը սկսած է շրջիլ 1819 թուականին: Զայն ստեղծած է Ուաշինկթըն Ըրվինկ գրագէտը:

– 1843-ին է, որ ծախուեցան առաջին Կաղանդի մաղթանքներու քարտերը: Անոնցմէ տպուած էին հազար օրինակ: Կ՛ըսուի, թէ այս գաղափարը Լոնտոնի մէջ յղացած է Սըր Հենրի Քոլ:

– Գիտէի՞ր, թէ Հաուայեան կղզիներու մէջ Կաղանդ պապային անունը Քանաքալոքա է:

– Իսկ 1980 թուականին ամէնէն շատ ծախուած Կաղանդի խաղալիքը Ռուպիք՛ս քիւպն էր: Այդ ժամանակին ան կը ծախուէր 1,99 տոլարի: Այժմ անոր գինը մօտաւորապէս 10 տոլար է:

Ձեռային Աշխատանք

 Կաղանդի Սեղանին Վրայ

Այս շաբթուան ձեռային աշխատանքները պիտի կարենաս օգտագործել յատկապէս Կաղանդի սեղանը զարդարելու համար: Բոլոր աշխատանքներուն համար պէտք պիտի ունենաս պարզապէս խաւաքարտէ փոքրիկ գլաններու (բաղնիքի թաշկինակի խաւաքարտէ գլաններ) եւ ներկերու:

***

Ա) Լուսաւոր տնակներ

– Խաւաքարտէ գլանը մէջտեղէն երկուքի բաժնէ (կրնաս չափահասէ մը խնդրել, որ քեզի օգնէ):
– Իւրաքանչիւր մասի վերի ծայրէն եռանկիւն ձեւ, թագի մը նման կտրէ:
– Մելանէ ներկ-մատիտներով անոր վրայ աւելցուր պատուհանները, դուռերը եւ զարդարէ աստղերով:
– Վերջապէս, իւրաքանչիւրին մէջ դիր փոքրիկ կոճակ բանող կեղծ մոմիկներ:

Բ) Կաղանդի ծառեր

– Խաւաքարտէ գլանը տափակցուր:
– Անոր վրայ գծէ պարզ Կաղանդի ծառ մը: Սակայն ուշադրութի՛ւն. անոր ճիւղերը պէտք է խաւաքարտին երկու կողմերուն դիպչին եւ անոնց ծայրերը սուր չըլլան (տես պատկեր), որպէսզի կտրելէ ետք երկու կողմերը իրարմէ չանջատուին:
– Կաղանդի ծառերը ներկէ կանաչ մելանէ ներկ-մատիտներով եւ վրայի զարդարանքները աւելցուր ոսկի կամ արծաթագոյն մելանէ ներկերով:

Գ) «Քրաքըրզ»

– Այս աշխատանքին համար, խաւաքարտէ գլանին կողքին, պէտք պիտի ունենաս նուէրի թուղթի, ժապաւէնի եւ փոքր «անակնկալ» նուէրներու, հատիկ տուրմ, փոքրիկ կաճեթ մը…

– Խաւաքարտէ գլանը երկուքի բաժնէ:
– Նուէրի թուղթը բաց, իսկ եթէ ան տափակ չի մնար, կրնաս անոր կողմերուն վրայ ծանրութիւններ դնել` զայն բաց պահելու համար: Ուշադրութի՛ւն. պէտք է, որ նուէրի թուղթին լայնքը գլանէն շատ աւելի լայն ըլլայ:
– Անոր մէջտեղը` երկայնքին, բարակ ժապաւէն մը փակցուր:
– Ապա ժապաւէնին երկու կողմերը փակցուր 2 փոքրիկ գլանները:
– Վերջապէս, գլանը գլորէ զայն ամբողջովին նուէրի թուղթով ծածկելու համար:
– Թուղթին վերջաւորութեան խէժ դիր, զայն փակցուր, ծայրէն` աւելորդ բաժին մը առանց խէժի պահելով:

– Այդ աւելորդ մօտաւորապէս 1 սմ բաժինին վրայի ժապաւէնին երկու կողմերէն ճեղք մը ըրէ թուղթին վրայ: Մնացած բաժինները 1 սմ-ի վրայ դէպի ներս ծալէ եւ փակցուր:
– Այս երկար խողովակաձեւ գլանին մէկ կողմէն դուրս մնացած թուղթին շուրջ ժապաւէն մը դիր, ապա գլանին մէջ դիր փոքրիկ «անակնկալ» մը` տուրմ, կատճեթ… եւ առաւել` փոքրիկ թուղթ մը, որուն վրայ կրնաս մաղթանք մը կամ կատակ մը գրել:
– Վերջապէս, գլանին միւս կողմն ալ ժապաւէն մը անցուր:
– Այս «քրաքըրզները» կրնաս Կաղանդի սեղանին վրայ բոլոր անդամներուն պնակներուն մէջ զետեղել` իւրաքանչիւրին փոքրիկ յիշատակ մը նուիրելով: Անոնք պիտի կարենան գլանը բանալ ժապաւէնը քաշելով:

Բարի՛ Կաղանդ:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
12 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել նուէրներուն հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել, թէ իւրաքանչիւր առարկայէ քանի՛ օրինակ գոյութիւն ունի:

 

Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Կաղանդ Պապուկին Խնդրանք Մը Ունիմ

RelatedPosts

Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար
Մանկապատանեկան

Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար

October 24, 2026
Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ  Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…
Մանկապատանեկան

Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…

October 17, 2026
Ընձուղտներն Ալ Թուաբանութիւն Ընել Գիտեն
Մանկապատանեկան

Ընձուղտներն Ալ Թուաբանութիւն Ընել Գիտեն

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.