Իր պատմութեան վերջին 100 տարիներուն, առաջին անգամ ըլլալով Ասթոն Վիլա «Փրեմիեր լիկ»-ի մէջ իր յաջորդական 10-րդ յաղթանակը արձանագրեց` 2-1 արդիւնքով յաղթելով Մանչեսթըր Եունայթըտին:
Բարձրագոյն դասակարգի վերջին 27 ճակատումներուն միայն 2-րդ յաղթանակը արձանագրող Ասթոն Վիլան հաստատ մնաց 3-րդ դիրքին վրայ` 3 կէտերով ետ մնալով պարագլուխի դիրքը գրաւող Արսենալէն:
23 տարեկան միջնապահ Մորկըն Ռոճերզ 45-րդ եւ 57-րդ վայրկեանին նշանակեց երկու կոլ, մինչ պրազիլցի Մաթէուս Քունիս նշանակած էր Եունայթըտի հաւասարութեան կոլը` կիսախաղի սուլիչէն քիչ մը առաջ:
Եունայթըտէն կը բացակայէին Նուսէյր Մազրաուի (Մարոք), Պրայըն Էմպուեմօ (Քամերուն) եւ Ամատ Տիալօ (Փղոսկրեայ Ափունք), որոնք Ափրիկէի ախոյեանութեան մրցաշարքին մեկնած էին, մինչ Քասեմիրօ կախակայուած, իսկ Մաթայս տը Լիխթ եւ Հերի Մակուայր վիրաւոր էին:
Կիսախաղին վիրաւորներու ցանկին միացաւ փորթուգալցի միջնապահ եւ խմբապետ Պրունօ Ֆեռնանտեշ:
Եունայթըտ «լաւ ելոյթ ունեցաւ», ըսաւ մարզիչ Ամորիմի, բայց չար բախտը չօգնեց յաղթանակ կերտելու:
Այս պարտութենէն ետք Եունայթըտ 7-րդ դիրքին վրայ մնաց` 13 կէտով ետ մնալով Արսենալէն (39 կէտ):
.Սպանիոյ «Լա լիկա»-ի 18-րդ հանգրուանի մրցումներուն, մասնաւոր անակնկալ չարձանագրուեցաւ, ուր Պարսելոնա, Ռէալ Մատրիտ եւ Աթլեթիքօ Մատրիտ յաղթանակներ արձանագրեցին:
Պարսելոնա 2-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Վիարէալի դաշտէն, ուր Ռաֆինիա (փենալթիով) եւ Լամին Եամալ նշանակեցին կոլերը:
Ռէալ Մատրիտ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սեւիլիան: Ճուտ Պելինկհամ եւ Քիլիան Էմպափէ նշանակեցին Ռէալի կոլերը:
Աթլեթիքօ Մատրիտ 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ժերոնան` այս վերջինիս դաշտին վրայ:
Քոքէ, Քոնըր Կելեհըր եւ Կրեզման նշանակեցին Մատրիտի 3 կոլերը: Գերմանիոյ մէջ, «Պունտըսլիկա»-ի 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Պայերն Միւնիխ 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հայտընհայմը:
Եոսիփ Սթանիշիչ, Մայքըլ Օլիսէ, Լուիս Տիաս եւ Հերի Քէյն նշանակեցին Պայերնի 4 կոլերը: Այս մրցումէն ետք սկսաւ ձմեռնային արձակուրդը:
Պայերն այժմ 9 կէտի առաւելութիւն ունի Բ. դիրքը գրաւող Տորթմունտի վրայ, որ 2-0 արդիւնքով յաղթած էր Մէօնշընկլատպախին: Եուլիան Պրենտ եւ Մաքսիմիլիան Պայեր նշանակեցին Տորթմունտի կոլերը:




