Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւետիք Իսահակեանի Ծննդեան 150-Ամեակի Առիթով Հանդիսութիւն Սուրբ Ղազարի Մխիթարեան Մայրավանքին Մէջ

December 23, 2025
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 9 դեկտեմբեր 2025-ին Վենետիկի Ս. Ղազար Մխիթարեան մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ մեծանուն բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեանի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն` համագործակցութեամբ Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանին եւ Մխիթարեան միաբանութեան:

Վանահայր Համազասպ վրդ. Քէշիշեան, Աննա Սարոյեան (ձախին) եւ Ցօղիկ Նազարեան:

Յիշատակի ձեռնարկը սկիզբ առաւ վանահօր` Համազասպ վրդ. Քէշիշեանի բացման խօսքով: Անկէ ետք շահեկան զեկոյցներով հանդէս եկան տուն-թանգարանի աշխատակիցներէն գլխաւոր ֆոնտապահ Ցօղիկ Նազարեանը` «Իսահակեանը եւ Մխիթարեան միաբանութիւնը», եւ Աննա Սարոյեանը` «Վենետիկի հայ փրոֆեսէօրը» թեմաներով:

Իր բացման խօսքին մէջ Համազասպ վարդապետ անդրադարձաւ մեծանուն բանաստեղծին կենսագրութեան ու կերպարին` ըսելով, որ Իսահակեան` «Կ՛ուզէ անապատ քաշուիլ, մենութեան մէջ, սակայն Իսահակեանի անապատը Հայաստանի դրախտն է` իր գաւառներով, նոյնիսկ` երկրի խուլ անկիւնները, ուր ժողովուրդին երգը կը լսէ ու անոր ապրումներուն եւ աւանդոյթներուն, ժառանգութեան մէջ կը գտնէ իր սփոփանքը, մխիթարութիւնը, սէրն ու կեանքը»:

Մխիթարեան միաբանութեան գրադարանէն Իսահակեանի կողմէն մակագրուած հատորներ:

Նշելով, որ Իսահակեան ապրած է Վենետիկ` 1921-1926 տարիներուն, հայր Համազասպ ըսաւ, որ բանաստեղծը «բազմիցս եղած է Վենետիկ, եւ այնտեղ ապրած 1921-1926 տարիներուն, յաճախ այցելած է Ս. Ղազար Մխիթարեան մայրավանք եւ սերտ բարեկամութիւն մշակած` Մխիթարեան հայրերուն հետ»: Վանահայրը Իսահակեանի մայրավանքի առաջին այցելութեան մասին 1901-ին դրուագ մը պատմեց. «Ս. Ղազար իր առաջին այցելութիւններէն մէկու ժամանակ Մխիթարեան միաբանի մը կը մօտենայ ժպիտով ու գոհունակութեամբ եւ կ՛իմացնէ, թէ գնահատական նամակ մը ստացեր է Վիեննայի վանքի վարդապետէ մը, որուն մէջ ան կը դրուատէ իր բանաստեղծութիւնը», աւելցնելով, որ` «Վանքի պուրակի մէջ միասին ճեմած ատեն իր դժգոհութիւնը կը յայտնէ, թէ տեղական մամուլը չէ ըմբռնած իր քնարի յարգը»:

«Վարպետը» ժապաւէնէն հատուած մը:

Ապա խօսք առաւ Ցօղիկ Նազարեանը, որ մէջբերեց բանաստեղծին առաջին այցելութեան մասին. «Ապրիլ ամսի սկզբներին, 1901 թուին, Վիեննայից մեկնում եմ Վենետիկ… Ուզում եմ ժամ առաջ տեսնել Սուրբ Ղազար կղզին` Մխիթարեանների վանքը. պատանի հասակիցս երազել եմ տեսնել Վենետիկը, բայց մանաւանդ` Ս. Ղազարը»: Ու շարունակեց. «Նետում եմ ինձ առաջին պատահած կոնտոլի վրայ… անհամբեր եմ, շտապեցնում եմ կոնտոլավարին…»: Մեծ յոյզերու պահ է բանաստեղծին համար` «Սրտատրոփ ոտք եմ դնում այս պատմական, թանկարժէք հողի վրայ»:

Իր կարգին, Աննա Սարոյեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ 1925-ին Իսահակեանի ու Եղիշէ Չարենցի հանդիպումին` Վենետիկի մէջ, ուր գրեթէ ամբողջ ամիս մը միասին եղան:

«Ամէն օր շրջել են այդ կախարդական, անկրկնելի, հրապուրիչ քաղաքում… Քաղաքի հնաբնակ Աւետիք Իսահակեանը, որին վենետիկցիները յարգանքով «Վենետիկի հայ փրոֆեսէօր» են կոչել, եւ որը հինգ մատի պէս գիտէր այդ փոքր, բայց եւ դարերի ընթացքում բազմածաւալ դարձած քաղաքը, Չարենցի ուղեկիցն է եղել իր տասնհինգամեայ որդու` Վիգէնի հետ»:

Ներկաները նաեւ դիտեցին տուն-թանգարանին պատրաստած «Վարպետը» ժապաւէնը, որ կը պատմէր Իսահակեանի կեանքին եւ ստեղծագործական ուղիին մասին: Մայրավանքի «Սրապեան» սրահին մէջ ցուցադրուած էին գրադարանի մէջ պահուող Իսահակեանի մակագրութեամբ եւ բանաստեղծին թոռան մակագրութեամբ գիրքեր եւ բացիկներ:

 

Նախորդը

Սուրբ Ղազարի Մէջ Գիրքի Ներկայացում Եւ Արարողութիւն` Ի Յիշատակ 1975-ի Հրդեհի Յիսնամեակին

Յաջորդը

Յուշերու Կապոց. Զայրացող Լեզուագէտը, Որ Փափուկ Սիրտ Ունէր (Տոքթ. Արմենակ Եղիայեանի Յիշատակին)

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

October 22, 2026
Փարիզի Մէջ Ներկայացուեցաւ Արցախին Նուիրուած «Նամակներ Դրախտից» Գիրքը
Գաղութէ Գաղութ

Փարիզի Մէջ Ներկայացուեցաւ Արցախին Նուիրուած «Նամակներ Դրախտից» Գիրքը

October 19, 2026
Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի Այցելութիւնը Լիբանանի նոր ընդհանուր հիւպատոսին
Գաղութէ Գաղութ

Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի Այցելութիւնը Լիբանանի նոր ընդհանուր հիւպատոսին

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.