Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրբ Ղազարի Մէջ Գիրքի Ներկայացում Եւ Արարողութիւն` Ի Յիշատակ 1975-ի Հրդեհի Յիսնամեակին

December 23, 2025
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վենետիկի Սուրբ Ղազարի Մխիթարեան միաբանութեան մայրավանքին մէջ վերջերս տեղի ունեցան երկու ձեռնարկներ` Վարդան Ճաքոմելլիի «Արծուահրէշի թեւերը» իտալերէն լեզուով վէպին ներկայացումը եւ 1975-ի հրդեհամարութեան մասնակցած հրշէջներու ի պատիւ արարողութիւն մը, միջադէպի յիսնամեակին առթիւ:

Շաբաթ, 29 նոյեմբերին ներկայացուեցաւ Ճաքոմելլիի վէպը` «Արծուահրէշի թեւերը. Անտոն Սուրեանի կեանքն ու սխրանքները, Արեւելքէն եկած հայը, որ նուաճեց Վենետիկը» (Le ali della chimera: Vita e imprese di Andon Surian, l’armeno venuto dal Levante che conquistò Venezia, Zacinto Edizioni, Միլան, 2025): Գիրքը վիպականացած պատմութիւն մըն է Վենետիկի հայազգի ճարտարագէտ եւ գիւտարար Անտոն Սուրեանի կեանքի մասին, որուն հանճարը մեծապէս նպաստած է այդ դարաշրջանի Վենետիկի նաւատորմիղի գերազանցութեան:

Գիրքը ներկայացուց Լեւոն արք. Զէքիեան` Իտալիոյ տարբեր կողմերէ եկած ունկնդիրներու ներկայութեան: Ան ընդգծեց, թէ գործը փաստերու հիման վրայ գրուած վէպ մըն է, եւ կոչ ուղղեց հեղինակին` աւելի խորանալու նիւթին մէջ, նշելով, որ այս գիրքը նոր դուռ կը բանայ Վենետիկի եւ ընդհանրապէս Իտալիոյ հայերու պատմութեան ուսումնասիրութեան համար: Նախաբանին մէջ իտալահայ գրող Անտոնիա Արսլան կը բնութագրէ Անտոն Սուրեանը իբրեւ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ յաջող միութեան խորհրդանիշ եւ կը շեշտէ, որ Վարդան Ճաքոմելլին «կեանքի կը կոչէ զայն` իբրեւ իր դարաշրջանի մարդ»:

Սուրեանի «ամբողջ կեանքը կը մարմնաւորէ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ յաջող միութիւնը, ճակատագրի մը ընթացքն ու տաղանդի մը այն ծաղկումը, որ ծնած է Արեւելք, բայց իր լրիւ զարգացումը կատարած է Արեւմուտքի մէջ` Վենետիկի Հանրապետութեան խթանիչ մթնոլորտին մէջ, ուր կը գտնէ հասուննալու եւ ամբողջովին հաստատուելու հնարաւորութիւնը», գրած է Արսլան:

Կիրակի, 7 դեկտեմբերին յատուկ արարողութեամբ խաչքարի օրինակներ նուիրուեցան Վենետիկի հրշէջներուն, որ մասնակցած էին 8 դեկտեմբեր 1975-ի հրդեհամարութեան, դէպքի յիսնամեակին առթիւ: Հրդեհին պատճառով փրկուեցաւ Մարգարիտ թագուհիի նուիրուած վարագոյրին միայն մէկ մասը, որ մինչեւ այսօր կը գործածուի որպէս խորանի վարագոյր: Հրդեհին ընթացքին ձեռագիրներու կորուստ չեղաւ, բայց զգեստներ` ներառեալ պատմական հանդերձներ, վառեցան: Այրած հատորներէն` հայկական գրադարաններ եւ կազմակերպութիւններ տրամադրելի կրկնօրինակներ նուիրած են միաբանութեան, փոխարինելու համար կորսուած հատորները: Արարողութեան ընթացքին աղօթքով յիշուեցան հրդեհամարութեան մասնակցած` այսօր մահացած հրշէջները:

Նախորդը

Նշմար. Ի՜նչ Զարմանալի Զուգահեռներ…

Յաջորդը

Աւետիք Իսահակեանի Ծննդեան 150-Ամեակի Առիթով Հանդիսութիւն Սուրբ Ղազարի Մխիթարեան Մայրավանքին Մէջ

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

October 22, 2026
Փարիզի Մէջ Ներկայացուեցաւ Արցախին Նուիրուած «Նամակներ Դրախտից» Գիրքը
Գաղութէ Գաղութ

Փարիզի Մէջ Ներկայացուեցաւ Արցախին Նուիրուած «Նամակներ Դրախտից» Գիրքը

October 19, 2026
Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի Այցելութիւնը Լիբանանի նոր ընդհանուր հիւպատոսին
Գաղութէ Գաղութ

Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի Այցելութիւնը Լիբանանի նոր ընդհանուր հիւպատոսին

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.