Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Կաղանդի զարդարանքներուն մէջ «ընկոյզկոտրիչը» ունի կարեւոր դիրք մը: Մենք անոր կը հանդիպինք Կաղանդի ծառին վրայ, սեղաններուն վրայ, եւ նոյնիսկ` կարկանդակի ձեւով: Սակայն ուրկէ՞ եկած է ան, ինչպէ՞ս նման կերպար մը դարձած է Կաղանդի սիրելի կերպարներէն մէկը:
Նախ եւ առաջ ընկոյզկոտրիչը Կաղանդի հեքիաթի մը գլխաւոր կերպարն է: Ան կախարդական հերոսն է գերմանական Կաղանդի հեքիաթի մը` գրուած Էռնեստ Թէոտոր Ամատէուս Հոֆֆմանի կողմէ եւ հրատարակուած 1816-ին:
Իշխանուհի մը վատ կախարդանքէ մը փրկելու համար քաջ երիտասարդ մը իր ակռաներով կը կոտրէ կախարդական ընկոյզ մը: Սակայն, իշխանուհիին փրկելով, ան իր կարգին զոհ կը դառնայ կախարդանքի մը… Ան կը կերպարանափոխուի` դառնալով փայտէ զինուոր մը: Այս նուէրն է, որ իշխանուհին` Քլարա կամ Մարի, ըստ տարբեր հեքիաթային ներկայացումներուն, կը ստանայ Կաղանդի գիշերը` Կաղանդի ծառին տակ դրուած:
Ընկոյզկոտրիչին հետ Քլարա պիտի ապրի սքանչելի արկածախնդրութիւններ` ձիւներով եւ շաքարեղէններով զարդարուած կախարդական թագաւորութիւններու մէջ: Հեքիաթային կերպարներ կը սպասեն անոնց, շաքարապատ նուշ պարիկը (Շուկըր փլամ ֆէրի), կամ Օրժաթ իշխանը (Օշարակ իշխանը):
Սակայն ինչո՞ւ այս պատմութիւնը ներկայիս այնքան հռչակաւոր է: Սկիզբը ֆրանսացի գրագէտ Ալեքսատր Տիւմա զայն դարձեալ շարադրեց 19-րդ դարու կէսերուն:
Ապա փայլուն ռուս յօրինող Չայքովսքի զայն վերածեց դասական երաժշտութեամբ եւ պարերով պալէի մը: Այս պալէն ներկայացուեցաւ եւրոպական բազմաթիւ երկիրներու մէջ, ապա Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր մեծ յաջողութիւն գտաւ: Կաղանդի մթնոլորտը, շարժուն խաղալիքներու աշխարհը կը հիացնեն մանուկները եւ մեծերը: Այս գործը կը դառնայ աշխարհի ամէնէն ժողովրդականութիւն վայելող պալէներէն մէկը:
Եւ այս ձեւով է, որ փոքրիկ փայտէ զինուոր մը կը դառնայ Կաղանդի աւանդական զարդարանքներէն մէկը:
Ձեռային Աշխատանք
Կաղանդի Պատրաստութիւններ (2)
Այս շաբթուան ձեռային աշխատանքները կրնաս գործածել` զարդարելու համար Կաղանդի ծառը, դռները, սեղանները… կամ նոյնիսկ իբրեւ ընտանիքիդ իւրաքանչիւր անդամի համար յատուկ նուէր, զոր պիտի զետեղես Կաղանդի սեղանին վրայ շարուած իւրաքանչիւրին պնակին մէջ:
* * *
Ա) Ընկոյզկոտրիչը եւ անոր իշխանուհին
Այս ձեռայինին համար կրնաս գործածել փոքրիկ ցպիկներ (պաղպաղակի), փայտէ քանոն մը, կամ` պարզապէս խաւաքարտեր:
Պէտք պիտի ունենաս. Ներկերու (կապոյտ, դեղին, կարմիր, ճերմակ, սեւ), խաւաքարտերու եւ կտորներ (սեւ, դեղին, վարդագոյն), ծխամորճ մաքրելու գունաւոր մետաղէ ցպիկներու, զօրաւոր խէժ:
1.- Ընկոյզկոտրիչին համար պէտք ունիս մեծ, երկար եւ բարակ քառանկիւնի մը. կրնաս նաեւ գործածել փայտէ քանակ մը: Պարզ մատիտով մը նշանակել գլխուն, մարմինին եւ տաբատին մասերը:
2.- Եթէ փայտէ ցպիկներ կը գործածես, զանոնք ջրաներկով ներկէ, իսկ եթէ խաւաքարտ կը գործածես, զանոնք ներկէ մելան-մատիտ ներկերով: Շապիկը` կարմիր, տափատը կապոյտ, մոյկերը սեւ: Մի՛ մոռնար նաեւ թեւերն ալ ներկելու:
3.- Սեւ խաւաքարտի մը վրայ կերպարին գլխուն չափով գլխակը գծէ եւ կտրէ: Կրնաս փնտռել ընկոյզկոտրիչի նկարներ եւ անոնցմէ ներշնչուելով զայն զարդարել նաեւ:
4.- Կերպարին տարբեր բաժինները իրարու փակցուր:
5.- Վերջապէս, մելան-մատիտ ներկերով աւելցուր կերպարին մանրամասնութիւնները:
6.- Իշխանուհի պարուհիին համար, խաւաքարտի մը վրայ գծէ եւ կտրէ պարուհիին փէշը: Կրնաս զայն ներկել վարդագոյն կամ զայն զարդարել քու նախընտրած ձեւովդ:
7.- Երկար մարմինին վրայ գծէ եւ ներկէ պարուհիին մարմինին տարբեր բաժինները` դէմքը, մարմինը, պարի կօշիկները: Կրնաս նաեւ թուղթի մը վրայ գծել եւ կտրել պզտիկ մազի ժապաւէն մը, կամ` իշխանուհիի թագ մը:
8.- Վերջապէս, կերպարին տարբեր բաժինները փակցուր:
9.- Ծխամորճ մաքրելու մետաղէ գունաւոր ցպիկը գործածէ` պարուհիին մարմինին շուրջ անցընելով, եւ ձեռքերը կազմելու համար: Մելան, մատիտ ներկերով ամբողջացուր պարուհիին տարբեր մանրամասնութիւնները:
10.- Երկու կերպարներուդ ետեւէն կրնաս փակցնել թել մը` զանոնք Կաղանդի ծառին, կամ դուռին վրայ կախելու համար:
Բ) Կաղանդ պապային եղնիկները
Այս ձեռայինին համար կրնաս գործածել ճերմակ կամ գունաւոր խաւաքարտեր:
1.- Խաւաքարտին վրայ գծէ եւ կտրէ եղնիկին մարմինին տարբեր բաժինները, ինչպէս նշուած է պատկերին մէջ:
2.- Զանոնք ծալէ, դարձեալ ինչպէս նշուած է պատկերին մէջ:
3.- Վերջապէս, իրարու փակցուր եղնիկին մարմինին տարբեր բաժինները:
4.- Եթէ կ՛ուզես եղնիկդ կախել Կաղանդի ծառին վրայէն, անոր գլխուն ետեւ փակցուր կարճ թել մը:
Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել այն եղջերուն, որ իր նմանը չունի:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:


