Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ուքրանիան յորդորեց Ռուսիոյ հետ պատերազմին վերջ տալու բանակցութիւններուն մէջ «արագ շարժելու»։Թրամփ Սպիտակ տան Ձուաձեւ գրասենեակին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց, թէ բանագնացները «բանի մը հասնելու եզրին կը գտնուին։ Ամէն անգամ, որ հարցը կ´երկարեն, Ռուսիան կարծիքը կը փոխէ»։
Սպիտակ տունը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ ամերիկացի պատուիրակներ Սթիւ Ուիթքոֆն ու Թրամփի փեսան՝ Ճարետ Քուշները այս շաբաթավերջին Ֆլորիտայի մէջ հանդիպում պիտի ունենան ուքրանացի բանագնաց Ռուսթամ Օմարովի հետ։
Սպիտակ տունէն պաշտօնատար մը ԱՖՓ-ին նաեւ յայտնած էր. «Ամերիկացի եւ ռուս պաշտօնատարներ այս շաբաթավերջին Մայամիի մէջ պիտի հաւաքուին Ուքրանիոյ պատերազմին վերջ տալու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ծրագիրին շուրջ նոր բանակցութիւններ վարելու համար»։


