Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Ա.) Նախապատրաստութեան Տարի

December 20, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Այլեւս աւանդութիւն դարձած է։ «Ազդակ» իր ընթերցողներուն կը ներկայացնէ փակուող տարուան ընթացքին իր գործունէութեան հիմնական բաժինները՝ տեղեկատուական կարգով, Ամանորին հրատարակուող բացառիկի ճամբով։ Վերջին տասնամեակին բացառիկներու «Ազդակ»-ի տարուան վերաբերող նիւթերու հաւաքումը մեծապէս կը նպաստէ «Ազդակ»-ի պատմութեան խմբագրման աշխատանքին։ «Ազդակ»-ի հիմնադրութենէն ի վեր տարբեր առիթներու եւ յատկապէս յոբելենական տարիներու առիթով «Ազդակ»-ի հրատարակած բացառիկները պարարտ նիւթ են «Ազդակ»-ի պատմութեան առաջադրելի խմբագրումին համար։
Այս մտածումները այս առիթով կը յանձնենք այս սիւնակներուն, հիմնական այն պատճառով, որ շուտով «Ազդակ» կը թեւակոխէ իր հիմնադրութեան 100-ամեակի տարին։ Հարիւրամեակը կþամբողջանայ 5 մարտ 2027-ին։ 2027-ին «Ազդակ» քանի մը ծրագիրի իրականացումով պիտի նշէ իր 100-ամեակը, որոնցմէ առաջինը բնականաբար պիտի ըլլայ յատուկ բացառիկ հատորի մը հրատարակութիւնը։
80-ամեակի եւ յատկապէս 90-ամեակի հատորին բովանդակութեան մօտէն ծանօթացողները նկատի առած պիտի ըլլան, որ անցնող տասնամեակներու գործունէութիւններու, «Ազդակ»-ի անցած ուղիի իւրաքանչիւր փուլի, նուաճումի  մասին այդ հատորները ներառած են վաւերական վկայութիւններ։ Իրերայաջորդ տնօրէններ, պատասխանատու խմբագիրներ, խմբագրական թէ վարչական բաժանմունքներու մէջ պատասխանատու պաշտօններ զբաղեցուց մամուլի գործիչներ իրենց մտածումներով եւ յատկապէս իրենց աշխատած ժամանակահատուածի մասին իրենց վկայութիւնները տուած են եւ այդպիսով նպաստած «Ազդակ»-ի պատմութեան նիւթ հայթայթելու աշխատանքին։ Մեծապէս գնահատելի այս հաւաքական աշխատանքը իր բերած օգուտին անդրադառնալ կու տայ տակաւին։ Չափազանցութիւն չþըլլար ըսելը, որ «Ազդակ»-ի պատմութիւնը փրկելու կոչուած աշխատանք էր իրականացուածը։
Հիմա, ըստ էութեան վերջին տասնամեակն է, որ լոյսին պէտք է գայ, տեղեկագրուի, խմբագրուի եւ հրատարակութեան յանձնուի։ Այս առումով մեկնակէտային նիւթեր պատրաստ են արդէն, ինչպէս վերը նշեցինք, իրերայաջորդ բացառիկներու մէջ «Ազդակ»-ի տարուան ներկայացումով։ Բնականաբար այստեղ չենք խօսիր զուտ օրաթերթի հրատարակութեան ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն մասին, այլ տարբեր գործառոյթներու՝ մարդուժի պատրաստութենէն մինչեւ գիրքերու շնորհահանդէսներ եւ մատենաշարի հաստատում, անցնելով թուայնացումէն եւ լսարաններու կազմակերպում՝ յիշելու համար գործառոյթներու ամէնէն հիմնական բաժինները։
100-ամեակի ծրագիրները կը հրապարակուին օրին։ Ըսենք միայն, համերգային, փառատօնային, հանգանակային, յոբելենական կեդրոնական ձեռնարկներու հոսքէն աւելի նպատակային նկատուած են աւելի սեղմ տարողութեամբ ձեռնարկներ, հրատարակութիւններ, վաւերագրականներ պատրաստելն ու պատմութեան յանձնելը։
Այս առիթով պէտք է նշել նաեւ տարիներու վրայ ընթացող խիստ կենսական աշխատանքի մը մասին։ Խօսքը «Ազդակ»-ի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային գրադարանի միջեւ կայացած համաձայնութեան մասին է, որուն հետեւողութեամբ Ազգային գրադարանի գիտաշխատող-մատենագէտներու խումբը կը պատրաստէ «Ազդակ»-ի 100-ամեայ արխիւին մատենագիտութիւնը։ Սփիւռքահայ մամուլի ուսումնասիրողին համար սկզբնաղբիւրի հանգամանք ներկայացնող անփոխարինելու նիւթերու շտեմարան մը, որ հասանելի պիտի ըլլայ թուանշային համակարգով։
Կը խորհինք, որ առնչակից այլ նախագիծեր եւս մնայուն հանգամանքի բնոյթ պիտի ունենան, ներգրաւելով մասնագէտ մարդուժի ներկայացուցիչներ։ 2027-ը յատկանշող ծրագիրներու մասին է խօսքը։ Այդ բոլորի նախապատրաստական աշխատանքներուն ձեռնարկուած է սակայն այժմէն։
Նախորդը

Արցախի Գերի Ղեկավարները Պաքուի Մէջ Հանդէս Կու Գան Եզրափակիչ Խօսքերով. Դատախազը Կը Պահանջէ Ռուբէն Վարդանեանը Ցմահ Բանտարկութեան Դատապարտել

Յաջորդը

Վկայաբերութեան, Տեսաբերութեան Ու Պերճաբերութեան. Գեղարուեստական Բացառիկ Վայելք Մարալ-Ժիրայր Փանոսեաններու Հպարտացնող Ցոլքերով

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.