Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 16, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԻՐԱՆԵԱՆ «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւն. «Թեհրանի մէջ Հըզպալլայի ներկայացուցիչը Ալի Աքպար Վելայաթիին վստահեցուց, թէ կուսակցութիւնը որեւէ պարագայի իր զէնքէն պիտի չհրաժարի»:

. ՊԷՅՐՈՒԹԻ մէջ դիւանագիտական աղբիւր մը «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Քաղաքական եւ ապահովական քուլիսներու մէջ շրջանառուող տուեալները ցոյց կու տան, թէ Իսրայէլ մշակած է լայնածաւալ զինուորական բեմագրութիւն մը, որ լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ կը թիրախաւորէ Հըզպալլայի ենթակառոյցները»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Իսրայէլեան կառավարութիւնը տակաւին լիբանանեան բեմին նկատմամբ իր դիրքորոշումը չէ ճշդած` սպասելով 29 դեկտեմբերին Սպիտակ տան մէջ Նեթանիահուի եւ Թրամփի հանդիպումին»:

. ԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Անպա էլեքթրոնիա»-ին. «Եգիպտոսի վարչապետ Մուսթաֆա Մատպուլիի հինգշաբթի, 18 դեկտեմբերին Լիբանան այցելութիւնը եգիպտական նոր փորձ մըն է պատերազմը յետաձգելու եւ Լիբանանը զինուորական ճակատումէ զերծ պահելու»:

. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ պաշտօնական աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Արտաքին գործոց նախարար Ռաժժիի իր իրանցի պաշտօնակիցին հրաւէրը մերժելը արարողակարգային կամ անձնական նկատառումներով չէ, այլ քաղաքական յստակ դիրքորոշում մը, թէ Լիբանան-Իրան յարաբերութիւնները կրնան շտկուիլ այն ժամանակ միայն, երբ իրարահաւասարութեան վրայ հիմնուած ըլլան»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Կառավարութեան կողմէ պաշտօնապէս Լիթանի գետին հարաւը զէնքէ ազատ յայտարարելու դժուարութիւն գոյութիւն ունի»:

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ վերջին պատերազմէն ետք, Հըզպալլայի կազմակերպական մարմիններու փոփոխութեան ծիրին մէջ կուսակցութեան գերագոյն մարմինը եղող շուրայի խորհուրդը որոշած է կազմել կուսակցութեան տեղեկատուութեան թղթածրարի կառավարման նոր մարմին մը, որուն պետ նշանակուած է երեսփոխան Իպրահիմ Մուսաուին:

. ՖՐԱՆՍԱՑԻ պաշտօնատար մը «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին. «Ֆրանսան եւ Սուրիան Լիբանանէն պահանջեցին ձերբակալել Սուրիոյ օդուժի տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախկին տնօրէն Ժամիլ Հասանը»:

. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ արդարադատական բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին. «Լիբանանեան կառավարութիւնը Ժամիլ Հասանի գտնուած վայրին վերաբերեալ հաստատ տեղեկութիւններ չունի»:

. «ԱՆՊԱ» օրաթերթի բացառիկ տեղեկութեան համաձայն, «Լիբանան վստահ է, որ Իսրայէլի կողմէ որեւէ նոր պատերազմ գետնի վրայ պիտի չպարտադրէ նոր հաւասարակշռութիւն մը, որ ի շահ Իսրայէլի կ՛ըլլայ, եւ ատկէ մեկնելով առաջարկներու նկատմամբ ճկունութիւն ու դրական ընկալում կ՛որդեգրէ, սակայն առանց անձնատուութեան»:

. ԸՍՏ «Անպա» օրաթերթի տեղեկութեան, «շիի երկեակը կը թուի գիտակցիլ, թէ նախագահ Աունը, ցնոր տնօրինութիւն, ելեւմտական ճգնաժամէն ելքի բացակայութեան պայմաններուն մէջ կ՛ուզէ ախոյեանը ըլլալ հաւասարակշռութեան մը, որ անվտանգութիւնը որեւէ այլ նկատառումէ վեր կը դասէ»:

. ԱՐԱԲԱԿԱՆ դիւանագիտական աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Միջազգային նախաձեռնութիւններու աշխուժացման ու բազմազանութեան նպատակը հարաւային սահմանին վրայ յառաջացած լարուածութիւնը սառեցնելն է, եւ մէկէ աւելի մակարդակներու վրայ տեղի ունեցող բանակցութիւններու ճամբով գտնելը փոխզիջումնային լուծում մը` աստիճանական մօտեցումներու հասնելու համար»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Ամերիկան Իսրայէլի մօտ իր ջանքերը կ՛աշխուժացնէ զայն զինուորական կոշտ մօտեցումէն դիւանագիտութեան անցնելու մղելու համար, սակայն այդ ջանքերը կը շարունակեն հանդիպիլ Թել Աւիւի կողմէ համագործակցութեան բացակայութեան»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Ֆրանսական կողմը կը կարծէ, թէ Իսրայէլի ներքին քաղաքական խաղը միահիւսուած է հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան, որ Նեթանիահուն կ՛օգտագործէ իր ներքին պայքարներուն մէջ»:

Նախորդը

Քալլաս. «Հայաստանը Ընտրութիւններուն Ընդառաջ Եւրոպական Միութենէն Օգնութիւն Խնդրած Է»

Յաջորդը

Ժոմպլաթ. «Լիբանանի Աբրահամեան Համաձայնութիւններուն Միանալուն Շուրջ Հանրաքուէի Գաղափարին Կը Զօրակցիմ»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.