Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցաւ երկար ժամանակէ սպասուած «վրէժ»-ի մրցումը` Նոել Միքայէլեանի եւ Պատու Ճեքիի միջեւ:
12 ռաունտ տեւած այս մենամարտին, հայ բռնցքամարտիկ Նոել Միքայէլեան մրցավարներու միաձայն որոշումով յաղթեց շուէտացի Ճեքիի եւ նուաճեց «Տապըլեու. Պի. Սի.» աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը` ծանր կշիռի ամէնէն թեթեւ կարգին մէջ:
115-111, 116-110 եւ 116-110 արդիւնքով յաղթած Միքայէլեանի 28-րդ յաղթանակն էր իր ասպարէզի 31 մրցումներուն ընթացքին, մինչ Ճեքի 4-րդ պարտութիւնը կրեց 29 յաղթանակներէ ետք:
Հետաքրքրական էր զոյգ մարտիկներու բուռն պայքարը, մանաւանդ երբ 8-րդ ռաունտի իրաւարարի աւարտի զանգէն ետք մարտիկները շարունակեցին իրարու հարուածել մինչեւ մարզիչներու միջամտութիւնը, որ կրցաւ իրարմէ բաժնել երկու մրցակիցները:
Ճեքիի դէմ այս յաղթանակէն ետք շատ հաւանական է, որ Միքայէլեանի յաջորդ մրցակիցը ըլլայ «Տը Ռինկ» միութեան ախոյեան Ճէյ Օպետայան: Այս ճակատումը (եթէ տեղի ունենայ) կրնայ ըլլալ այս կշիռի ամէնէն սպասուած մրցումներէն մէկը 2026-ին:


