Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Արդէն 135 Տարի

December 15, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

1890-ին Թիֆլիսի մէջ հիմնուած ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնական նպատակը եղած է եւ կը շարունակէ ըլլալ համայն ազգի մը իրաւունքներու մնայուն պաշտպանը հանդիսացող զրահն ու սուրը` թէ՛ սփիւռքի տարածքին եւ թէ՛ Հայաստանի սահմաններուն մէջ: Զինանշանին վրայ զետեղուած սուրը, բահը եւ գրիչը հաւասարապէս կ՛օժանդակեն ամէն տեսակի ճակատամարտերու ընթացքին:

Հայ ազգը գոյատեւած է եւ պիտի շարունակէ գոյատեւել դաշնակցական գործիչներու անսահման զոհողութիւններուն շնորհիւ: Գիտակից դաշնակցականը միշտ պատրաստ է տրամադրելու իր ամէնէն թանկագինը` ազգին գերագոյն շահերուն տէր կանգնելու համար, ուր ալ գտնուի ան` սփիւռքի կամ հայրենիքի մէջ: Գիտակից դաշնակցականը նաեւ կրնայ սխալիլ, բայց եւ այնպէս, սխալը կ՛ընդունի եւ կ՛աշխատի սրբագրել զայն` առանց վարանելու: Հարկ է ըսել, որ միայն չգործող անձը չի սխալիր: Դաշնակցութիւնը միշտ տէր կանգնած է Հայ եկեղեցւոյ, որ, իր կարգին, հայոց ինքնութեան պահպանման գլխաւոր դերակատարներէն մին, մնայուն կերպով նեցուկ եղած է հայ դպրոցին եւ հայկական ակումբին:

80 տարի պոլշեւիկութիւնը չկարողացաւ չէզոքացնել մեր ազգային կառոյցները, եւ ի վերջոյ ազգը գոյատեւեց ու յաղթական դուրս եկաւ` ձախողութեան մատնելով հակառակորդներուն ամէն տեսակի ծրագիրները: Տարբեր տեսակի թշնամիներ դարեր շարունակ վտանգած են հայուն գոյատեւումը, անոնց սպառնալիքներուն խորքը միշտ եղած է նոյնանման. արդարեւ, արտաքին կամ  ներքին թշնամիներ միշտ փորձած են բաժնել ազգը,  որպէսզի դիւրութեամբ կարողանան տիրել անոր:

Անոնք ազգի գերագոյն շահերը ոտնակոխելով` որոշ ժամանակ կարողացած են իրենց անձնական շահերը ապահովել,  բայց եւ այնպէս, շուտով վերջ գտած է շահագործողին ժամանակաւոր ուժը, որովհետեւ պատմութիւնը վկայած է հայ ազգի գոյատեւման պայքարի ոգին եւ կորովը, որոնք միշտ յաղթած են եւ պիտի յաղթեն, նոյնիսկ` հզօրագոյն հակառակորդին: Ճշմարտութիւնը միշտ յաղթած է սուտին, նոյնիսկ` եթէ սեւ ամպերը որոշ ժամանակ պատած ըլլան ճշմարիտ ուղին:

Դաշնակցութիւնը ծնունդ առած է այս պայքարող ժողովուրդի արգանդէն, որ ծնունդ տուած է նորանոր սերունդներու, որոնք դաշնակցական շունչով, դաստիարակութեամբ եւ գաղափարաբանութեամբ հասակ առնելով` ամրապնդած են գոյատեւելու պայքարի ոգին իրենց մէջ, գործած են մինչեւ օրս եւ պիտի մնան գործող ձեռքերը ըլլալ հզօր ազգիս հայոց: Շնորհաւոր 135-ամեակը ՀՅԴ-ին եւ անոր աշխարհասփիւռ ժողովուրդին:

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Թեմի Վեց Կիրակնօրեայ Դպրոցներու 41 Շրջանաւարտներ Ստացան Իրենց Վկայականները

Յաջորդը

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքի Շնորհահանդէս

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.