Հայաստանի ախոյեան եւ բաժակակիր Նոա ակումբը հայկական ֆութպոլին համար պատմական էջ մը բացաւ, երբ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Քոնֆերենս լիկ»-ին գծով 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Լեհաստանի Լեկիա Վարշաւան գրեթէ ապահովեց փլէյ-օֆի իր տոմսը:
Տակաւին մէկ մրցում ունի Նոա, ուր պիտի մրցի Տինամօ Քիեւի դէմ յառաջիկայ հինգշաբթի: Մրցում մը, որուն արդիւնքը շատ բան կրնայ չփոխել, մանաւանդ որ Տինամօ Քիեւ արդէն իսկ յոյսերը կորսնցուցած է փլէյ օֆ հասնելու, եւ պարտութիւն մը դժուար թէ պատճառ դառնայ Նոայի դիրքը առաջին 24-էն դուրս ձգելու: Նոա այժմ 17-րդ դիրքը կը գրաւէ 8 կէտերով:
Լեհական ակումբը 3-րդ վայրկեանին իսկ բացաւ մրցումին հաշիւը, բայց Հայաստանի ախոյեանները արագ ձեւով վիրակազմակերպուեցան եւ 57-րդ վայրկեանին Մաթէուշ Այաշ կրցաւ նշանակել հաւասարութեան կոլը: 84-րդ վայրկեանին Նարտին Մուլա Հուսէյնովիչ նշանակեց Նոայի յաղթանակի կոլը:
Նոայի մարզիչ Սանտրօ Պերքովիչ մրցումէն ետք հետեւեալ ձեւով գնահատեց արդիւնքը եւ խումբին վիճակը. «Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք մաս կազմեցին այս արդիւնքին եւ նախապատրաստութիւններուն: Մեծ շնորհակալութիւն համակիրներուն ալ, որոնք ցուրտ եղանակին եկան քաջալերելու մեզի: Մենք ցոյց տուինք շատ բարձր մակարդակի ֆութպոլ: Մենք յաղթեցինք եւրոպական մեծ ակումբի մը` Լիկիային, որ անցեալ տարի «Քոնֆերենս լիկ»-ի քառորդ աւարտական հասած էր: Լաւ չսկսանք մրցումը, բայց առաջին կիսախաղէն իսկ կոլ նշանակելու շատ առիթներ ունեցանք:
Ութ կէտեր Եւրոպայի «Քոնֆերենս լիկ»-ին հիանալի է: Յոյս ունիմ, որ ատիկա բաւարար կ՛ըլլայ փլէյ-օֆ հասնելու համար: Հայկական ֆութպոլի համար ասիկա առաջին անգամը կ՛ըլլայ»:


