Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութեան, կազմակերպութեամբ մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին, ուրբաթ 31 հոկտեմբեր, շաբաթ 1 եւ կիրակի 2 նոյեմբեր 2025-ին, նախկին Ազգ. Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի բակին մէջ տեղի ունեցաւ մասնաճիւղային եռօրեայ քերմես:
Եռօրեայ քերմեսը ընդգրկեց զանազան հետաքրքրական, արկածախնդրական, մտածողական եւ հաճելի խաղեր, համեղ ուտեստեղէնի կրպակներ, ինչպէս նաեւ` անմոռանալի պահեր: Սոյն քերմեսը իր շուրջ համախմբեց տարիքային զանազան խաւեր` մանուկներ, պատանիներ, երիտասարդներ եւ չափահասներ:
Ուրբաթ, 31 հոկտեմբերի երեկոյեան, գեղարուեստական յայտագիրով իր մասնակցութիւնը բերաւ «Հեքիաթ» նուագախումբը: Շաբաթ, 1 նոյեմբերի երեկոյեան ելոյթ ունեցաւ DJ OCTO-ն: Կիրակի յետմիջօրէին մանկական յայտագիրով հանդէս եկան Լուսիկն ու մանկապատանեկան խումբը, իսկ նոյն օրուան երեկոն ճոխացուց «Սպիտակ» նուագախումբը:
Աւարտական օրուան ելոյթէն առաջ խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի խմբապետ Էւա Ղազարեանը: Ան ըսաւ, որ շաբաթ մը առաջ մասնաճիւղը թեւակոխեց նոր տարեշրջան մը, իսկ եռօրեայ քերմեսը մասնաճիւղի պաշտօնական վերամուտէն ետք կը նկատուի նոր տարեշրջանի առաջին աշխատանքը, որ յաջողութեամբ աւարտեցաւ:
«Եռօրեայ քերմեսի աւարտին կ՛ուզենք յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել մեր բարերարներուն, որոնք նիւթական եւ բարոյական աջակցութեամբ նեցուկ կանգնեցան մեր այս մեծ աշխատանքին: Անոնց իւրաքանչիւր ներդրումը պիտի նպաստէ մեր սկաուտական հետագայ լայնածաւալ աշխատանքներուն», նշեց Ղազարեան
Իր խօսքի աւարտին Ղազարեան ըսաւ, որ 90 տարիներէ աւելի գոյատեւող այս մասնաճիւղը պիտի ծաղկի, պիտի բարգաւաճի, ա՛լ աւելի պիտի բարձրանայ եւ իրեն հետ պիտի բարձրացնէ նոր սերունդը, որովհետեւ տակաւին կան եւ պիտի մնան հաւատարիմ եւ հայրենասէր անհատներ:




