Երեքշաբթի օր Թեհրանի մէջ գումարուեցաւ սէուտական-չինական-իրանեան միացեալ յանձնախումբին Փեքինի համաձայնութեան գործադրութեան հետապնդման համար 3-րդ ժողովը` նախագահութեամբ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերով տեղակալ Մաժիտ Թախթ Ռաւանժիի, մասնակցութեամբ արտաքին գործոց փոխնախարար Ուալիտ Պըն Ապտելքարիմ Խարիժիի գլխաւորութեամբ սէուտական պատուիրակութեան եւ Չինաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Միաու Տիուի գլխաւորած չինական պատուիրակութեան: Այս մասին հաղորդեց սէուտական պետական ՈՒԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
Սէուտական եւ իրանեան կողմերը միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յանձնառութիւն ստանձնեցին գործադրելու Փեքինի համաձայնութեան բոլոր կէտերը եւ շարունակելու ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնն ու Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան ուխտը, ներառեալ երկու պետութիւններու գերիշխանութիւնը, հողային ամբողջականութիւնը, անկախութիւնն ու անվտանգութիւնը յարգելու ճամբով իրենց երկիրներուն միջեւ բարի դրացնութեան յարաբերութիւնները ամրապնդելու ջանքերը շարունակելու:
Սէուտական Արաբիան ու Իրանը ողջունեցին Չինաստանի «շարունակուող դրական դերակատարութիւնը, անոր աջակցութեան շարունակման կարեւորութիւնը եւ Փեքինի համաձայնութեան գործադրութեան հսկողութիւնը»:
Չինաստան իր կարգին իր շարունակուող պատրաստակամութիւնը յայտնեց աջակցելու եւ քաջալերելու այն քայլերը, որոնք թագաւորութիւնն ու Իրանը կ՛որդեգրեն տարբեր ոլորտներու մէջ իրենց յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ:
Երեք երկիրները ողջունեցին Սէուտական-իրանեան յարաբերութիւններուն մէջ շարունակուող յառաջընթացը, ինչ որ առիթ կ՛ընծայէ երկու երկիրներուն միջեւ տարբեր մակարդակներու եւ ոլորտներու մէջ ուղղակի հաղորդակցութեան:
Անոնք նշեցին այն մեծ կարեւորութիւնը, որ երկու երկիրներու բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն միջեւ այս հաղորդակցութիւնները, ժողովներն ու փոխադարձ այցելութիւնները ունին, մասնաւորաբար շրջանին մէջ ներկայ լարուածութիւններուն եւ մագլցումին լոյսին տակ, որոնք կը վտանգեն շրջանի եւ աշխարհի անվտանգութիւնը:
Սէուտական Արաբիան, Իրանն ու Չինաստանը «Պաղեստինի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ իսրայէլեան յարձակումի անմիջական դադրեցման» կոչ ուղղեցին եւ դատապարտեցին «թշնամական արարքներն ու Իրանի իսլամական հանրապետութեան տարածքային անվտանգութեան խախտման արարքները»:


