«Նահժ» շարժումի ղեկավար, նախկին երեսփոխան Հասան Եաաքուպ նշեց. «Երէկ չմեկնաբանեցի մեր թաղերուն մէջ տեղի ունեցածը, սակայն հաստատօրէն երեւոյթը վտանգաւոր ցուցանիշ կը նկատուի: Պաշշար Ասատի վարչակարգի տապալման միամեակի նշման առիթով առանց արտօնագիրի ցոյցերուն ընթացքին միայն գաղութատիրութեան որդեգրած դրօշը բարձրացնելու կողքին նաեւ բարձրացուեցան իսլամական դրօշներ, ներառեալ Քայիտայի դրօշը»:
«Քայլարշաւները կազմակերպուած էին, եւ կարգախօսները` թիրախաւորուած: Ուստի, այն փաստը, որ կարգ մը քայլարշաւներ ուղղուեցան դէպի շրջաններ, ուր կրնային համայնքային սադրանք յառաջացնել` ապահովութեան ակնյայտ բացթողումներով, կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամը եւ նախարարները չմեկնաբանեցին կամ չդատապարտեցին տեղի ունեցածը, յատկապէս, որ մենք մօտ ենք Ռաուշէի ժայռի հերոսական իրադարձութիւններուն», աւելցուց ան:
Եաաքուպ նաեւ հարց տուաւ. «Սուրիոյ մէջ կամ այլուր համայնքային պատկե՞րն է արժեչափը: Ձեր ուզածը ըրէ՛ք, որովհետեւ իրադարձութիւններու կշռոյթը արագ է, սակայն խնդրեմ յարգեցէ՛ք միտքերը եւ դադրեցէ՛ք գերիշխանութեան ու հայրենասիրութեան մասին խօսելէ»:


