Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 9, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. «ՏԻԱՐ»-ի տեղեկութեան համաձայն, «Ֆրանսացի պատուիրակ Լը Տրիանի այսօր` երկուշաբթիէն չորեքշաբթի երկարող այցելութիւնը տարբեր է, որովհետեւ պիտի նախաձեռնուի Էմանուել Մաքրոնի կողմէ վստահուած առաքելութեամբ, որուն նպատակը Լիբանանի կայունութեան ուղիները վերջնականապէս հաստատելն է»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Լիբանանցի պաշտօնատարներուն փոխանցուեցաւ, թէ Լիթանի գետէն հիւսիս Հըզպալլայի զէնքի հարցը վճռելու համար պայմանաժամը կ՛աւարտի տարեսկիզբին, եւ եթէ զէնքի մենաշնորհման համար գործնական քայլեր չըլլան, Թել Աւիւին նոր «կանաչ լոյս» պիտի տրուի»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ հեղինակութիւն մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Իսրայէլ չի կրնար Լիբանանի դէմ միջազգային, ներառեալ Միացեալ Նահանգներու ընդդիմութեան պայմաններուն մէջ որեւէ համապարփակ պատերազմի եւ լայնածաւալ մագլցումի դիմել»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ շրջանակներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Նախագահ Ժոզեֆ Աունի Միացեալ Նահանգներու մէջ Լիբանանի նախկին դեսպան Սիմոն Քարամը «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին մէջ լիբանանեան պատուիրակութեան պետ նշանակելը թերեւս արտօնեց որոշ ժամանակ շահիլ եւ չէզոքացնել անխուսափելի թուացող լայնածաւալ պատերազմի սպառնալիքը, սակայն այդ քայլը Թել Աւիւին արգելք չհանդիսացաւ շարունակելու իր յարձակումները եւ զինուորական գործողութիւններու դադրեցման մասին համաձայնագիրի խախտումները, ինչ որ կացութիւնը կը պահէ զարգացումներով յղի»:

. ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքով հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ հանդիպումի ընթացքին նախագահին փոխանցեց վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ Լիբանանի դիրքորոշման, մասնաւորաբար «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին ճամբով բանակցութեան հարցին իր երկրին աջակցութիւնը:

Ան նաեւ նշեց, որ Մոսկուան կ՛ուզէ ամրապնդել երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները:

. «ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն յայտնած է.«Եթէ մենք մնանք մեր նեղ շրջանակին մէջ, մենք պիտի չհասնինք մեր երեք պահանջներէն որեւէ մէկուն, եւ արդիւնքը պիտի մնայ զերօ: Աւելի՛, մենք կ՛արտօնենք, որ վտանգի մակարդակը մեծնայ:

«Եթէ մենք շարունակենք բանակցութիւնները, 50 առ հարիւրի հաւանականութիւն կայ, որ մենք կարենանք բանի մը հասնիլ: Զերոյէն մինչեւ 50 առ հարիւրի պարագային տրամաբանական է փորձել երկրորդ տարբերակը»:

. ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Ահմետ Հաժժար երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսան եւ անոր հետ քննարկեց վերջին զարգացումներն ու խորհրդարանական ընտրութիւններու պատրաստութիւնները:

Նախորդը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Այսօր Ուքրանիոյ Վերաբերեալ Ժողով Մը Պիտի Գումարէ

Յաջորդը

Հարիրի. «Լիբանանն Ու Սուրիան Հասարակաց Շահերու Եւ Շարունակականութեան Վրայ Հիմնուած Ամուր Յարաբերութեան Մշակման Առիթի Կը Մօտենան»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.