Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայրագտարեան ՄԱԿ-ի Հիմնադրութեան 80-Ամեակի Նշման Ընթացքին Խօսք Մը Արտասանեց

December 9, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի համակարգը 27 նոյեմբերին ՄԱԿ-ի հիմնադրութեան 80-ամեակին առիթով «ՄԱԿ-ի տան»-ի մէջ միախմբեց երիտասարդները, կառավարական կողմերը, համալսարաններն ու գործընկերները` նշելու համար «ՄԱԿ-ը երիտասարդներու աչքերով» տօնակատարութիւնը:

8 երիտասարդներ տիրացան «ՄԱԿ-ի երիտասարդ ձայներ-2025» մրցանակին:

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Նորա Պայրագտարեան այս առիթով խօսք մը արտասանելով անդրադարձաւ ՄԱԿ-ի համակարգին կարեւորութեան` իբրեւ բազմակողմ յարաբերութիւններու հաստատութենական ծիր, եւ շեշտեց միջազգային համակարգին մարմնաւորած արժէքները, ինչ կը վերաբերի հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման, արդարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ հաւաքական անվտանգութեան սկզբունքներու հաստատման:

Ան նշեց, որ իրենց հայրենիքներու ապագան կառուցելու երիտասարդներու դերակատարութեան նկատմամբ հաւատքը զինք` իբրեւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար, առաւելագոյն չափով կը կապէ այս միջազգային համակարգին:

Պայրագտարեան, որ մաս կը կազմէր դատական կազմին, իր խօսքը երիտասարդներուն ուղղելով անդրադարձաւ անոնց յատուկ դերակատարութեան եւ անոնցմէ սպասուող տեսլականին: Ան երիտասարդները նկատեց հիմնական գործընկերներ` աւելցնելով, որ անոնց կողմէ որդեգրուած որեւէ քայլ ապագան պիտի կերտէ:

Մեկնելով քաղաքացիական պատերազմի մասին ծնողներուն պատմածէն` նախարարը ըսաւ. «Մեր սերունդը ինքզինք կառուցեց, չդժգոհեցաւ, այլ պայքարեցաւ, եւ ես այսօրուան երիտասարդներուն կոչ կ՛ուղղեմ չդժգոհելու, այլ գործելու եւ փոփոխութիւնը ղեկավարելու, որովհետեւ անոնց այսօր որդեգրած իւրաքանչիւր քայլին վրայ պիտի կառուցուի աւելի լաւ ապագան: Անոնք են, որոնք փոփոխութիւնը պիտի պարտադրեն, եւ անոնք են, որոնք իրենց ճակատագիրը եւ իրենց երկրին ճակատագիրը ինքնուրոյն կերպով եւ իրենց ձեռքով պիտի կառուցեն»:

 

 

Նախորդը

Ռայի Պատրիարք. «Իսրայէլի Բանակցութիւնները Ընդունիլը Լաւ Նշան Է, Այսօրուան Լեզուն Դիւանագիտութեան Լեզուն Է, Եւ Ոչ Ոք Պատերազմ Կ՛ուզէ»

Յաջորդը

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Ուաշինկթըն Լիբանանի Եւ Սուրիոյ` Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւններու Հաստատման Համար Տնտեսական Խթաններու Տրամադրումը Կը Դիտարկէ

RelatedPosts

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ  Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ  Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»

November 5, 2026
Հըզպալլա Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Հըզպալլա Կը Հերքէ

November 5, 2026
Շենքըր. «Լիբանանեան Բանակին Ամերիկեան  Աջակցութիւնը Պիտի Շարունակուի, Եւ Հաւանական Է,  Որ Անոր Ամսականները Ծոցէն Վճարուին»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանը Իրան-Միացեալ Նահանգներ Ճակատումին Մէջ Ներքաշելու Որոշումը Հըզպալլայի Ձեռքն Է»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.