Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի նշեց. «Պաշշար Ասատի վարչակազմի տապալումէն մէկ տարի ետք, անոր հետ կը տապալի բռնաճնշումի, սպանութեան եւ փտածութեան վրայ հիմնուած ամբողջ դարաշրջան մը, որ Սուրիան քանդեց եւ Լիբանանը խեղդեց:
«Իսկ այսօր, մինչ ան պատմութենէն դուրս կ՛ապրի` մեկուսացուած ու վարկաբեկուած, սուրիացի ժողովուրդը դէպի արդի պետութիւն եւ արդիւնաւէտ տնտեսութիւն նոր դուռ կը բանայ, եւ Լիբանանն ու Սուրիան հասարակաց շարունակականութեան, ներդրումի եւ արհեստական բանականութեան տնտեսութեան փոխանցման վրայ հիմնուած ամուր յարաբերութեան մշակման առիթի կը մօտենան:
«Ասիկա երկու ժողովուրդներուն համար ալ չփախցուելիք առիթ մըն է: Իսկ ան, որ քանդումին պատճառն էր, ապագային մէջ տեղ չունի»:


