Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինթեր Մայեմի Շահեցաւ «Էմ. Էլ. Էս.»-ի Տիտղոսը

December 9, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թոմաս Միւլըր յաճախ կը վայելէր իր մրցակցութիւնը Լիոնել Մեսսիի հետ ճակատումներուն:

Գերմանացի աստղը 7 յաղթանակ տօնած էր 10 ճակատումներու ընթացքին, եւ իր խումբը երկու անգամ դուրս ձգած է Մեսսին եւ Արժանթինը` Մոնտիալներու գծով:

Սակայն շաբաթ գիշեր վերջին ճակատումին Մեսսիի կարգն էր տօնելու: Ինթեր Մայեմի 3-1 արդիւնքով յաղթեց Միւլըրին` Վանքուվըր Ուայթքեփսի, եւ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Ինթեր Մայեմի դարձաւ «Էմ. Էլ. Էս.»-ի ախոյեան:

«Երեք տարի առաջ որոշեցի հոս գալ, եւ այսօր «Էմ. Էլ. Էս.»-ի ախոյեան ենք: Հիւսիսային եւ Կեդրոնական Ամերիկայի (Քոնքաքաֆ) ախոյեանութեան կիսաւարտական հասանք: Անցեալ տարի առաջին հանգրուանէն դուրս ելանք, եւ այս տարի ախոյեանութիւնը մեր հիմնական նպատակն էր», ըսաւ Մեսսի:

Մեսսի պատրաստեց Ինթեր Մայեմիի երկրորդ կոլը` Ռոտրիկօ Տը Փոլին, եւ աւելցուց էսիսթ մը եւս յաւելուած վայրկեաններուն, երբ Վանքուվըր ամբողջ ուժը դրած էր հաւասարելու:

Միւլըրի եւ Մեսսիի համար նպատակները նոյնն էին` իրենց ասպարէզի վերջին օրերուն տիտղոս մը եւս աւելցնել, ուր Մեսսի յաջողեցաւ 47-րդ տիտղոսը ձեռք ձգել:

Միւլըր Գերմանիոյ հետ դուրս ձգած էր Մեսսիի Արժանթինը 2010-ին եւ 2014-ի աւարտականին յուսախաբ եղաւ առաջին կոլին, երբ Վանքուվըր սխալմամբ իր բերդին մէջ նշանակեց Ինթեր Մայեմիի առաջին կոլը:

Մրցանակը ստանալու պահուն, Միւլըր ժպտաց եւ ծափահարեց Մեսսիին, որ ընտրուեցաւ մրցումի լաւագոյն մարզիկը:

«Երբ գրեթէ հասնելիք ըլլաս բանի մը, աւելի կը ցաւիս, երբ ձախողիս: Խումբին յայտնեցի, որ երազողներ չենք բնաւ: Կարծեմ Թոմաս Միւլըրն ալ ըսաւ նոյն բանը, երբ եկաւ: Մենք պայքարող եւ աշխատող ենք: Լաւ աշխատեցանք այսօր: 1-1 ըրինք արդիւնքը եւ մեր ուզած ձեւով կը խաղայինք: Պզտիկ սխալ մը եւ գնդակը հասաւ Մեսսիին: Եւ անշուշտ ան շատ լաւ ձեւով խաղցաւ Ռոտրիկոյի հետ», ըսաւ Վանքուվըրի մարզիչ Եսփեր Սորենսեն:

Ժորտի Ալպա եւ Սերճիօ Պուսքեթց արցունքներով աւարտեցին մրցումը եւ իրենց ասպարէզը տօնելով խմբապետ Մեսսիի հետ, մինչ մարզիչ եւ նախկին խմբակից Խաւիէ Մասքերանօ իր ուրախութիւնը յայտնեց Մեսսիի համար, որ այս տիտղոսին համար եկած էր Մայեմի:

Նախորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Տիւրենթ Եւ Հարտըն Տակաւին Կը Փայլին Պատմութեան Նոր Էջեր Գրելով

Յաջորդը

Նէյմար Փրկեց Սանթոսը` Բ. Դասակարգէն

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.