Մրցանիշները կը բարելաւուին, նոր մարզիկներ զանազան մրցանիշներ կրնան ձեռք ձգել, ուրիշներ պատմութեան մէջ միշտ կը յիշուին կա՛մ կէտերը նշանակելով, կա՛մ ալ ախոյեանութեան տիտղոսներ ձեռք ձգելով:
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պարագային մրցանիշներու շատ ձեւեր կան: Վեթերան Քեւին Տիւրենթ, որ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան լաւագոյն մարզիկներէն կը նկատուի թէ՛ յարձակողական եւ թէ՛ պաշտպանողական իր կարողութիւններուն համար, շաբաթավերջին իր կէտերու հաշիւը հասցուց 31 հազարի` դառնալով պատմութեան 8-րդ մարզիկը, որ կ՛անցնի այդ սահմանը:
37 տարեկան Տիւրենթ իր 1141-րդ մրցումին հասաւ այդ մրցանիշին` հաւասարելով Լըպրոն Ճէյմսին, որ երրորդ դիրքը կը գրաւէ, Մայքըլ Ճորտընի (1.011 մրցում) եւ Ուիլթ Չեմպըրլէյնի (1.015) ետին:
Այլ մարզիկներ, որոնք անցած են 31 հազար կէտերու սահմանը` Քարիմ Ապտուլ Ժապպարը, Քարլ Մալոնը, Քոպի Պրայընթը եւ Տըրք Նովիթցքին են:
Տիւրենթ, որ 2007-ին մուտք գործած էր «Էն. Պի. Էյ.» իր առաջին տարեշրջանը կը բոլորէ Հիուսթըն Ռոքեթցի հետ` ամրան լքելէ ետք Ֆինիքս Սանզը:
Միւս կողմէ, 11 անգամ «Օլ Սթար» մրցումին մասնակցած Ճէյմս Հարտըն շաբաթավերջին մտաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան ամէնէն շատ կէտեր նշանակողներու առաջին 10-ի ցանկին մէջ:
Թերեւս շատերու համար զարմանալի է ասիկա, որովհետեւ Հարտըն իր «Էն. Պի. Էյ.»-ի ասպարէզի առաջին 3 տարեշրջաններուն պահեստի մարզիկ էր, ան իր «Էն. Պի. Էյ.»-ի ասպարէզը ամբողջովին «գետինը» անցուցած է եւ ոչ թէ թռչելով դէպի կողով, եւ ան ունի մարմին մը որ շատ մը արհեստավարժ ֆիզիքական մարզիչներու կարծիքով պասքեթպոլի շատ յարմար չէ եւ պատրաստ չէր… 17 տարեշրջաններ խաղալու:
Սակայն Հարտըն ինքզինք փաստեց եւ 28 հազար 303 կէտերէ ետք մուտք գործեց լաւագոյն 10-ի ցանկին մէջ:
Այդ ցանկին մէջէն միայն Լըպրոն Ճէյմս (42.268 կէտ) եւ Քեւին Տիւրենթ (31.024) տակաւին կը խաղան այս տարեշրջանին:
Շաբաթավերջին ախոյեան Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 131-101 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Եութա Ճեզը` արձանագրելով յաջորդական 15-րդ յաղթանակը, նոյնիսկ առանց հիմնական մարզիկներու, որոնք շատ կարճ ելոյթ ունեցան:
Թանտըր 17 փորձերէն 11 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց առաջին մասին` նշանակելով 45 կէտ:
Օքլահոմայի 23-րդ յաղթանակը 24 մրցումներու ընթացքին պատմական կը նկատուի, որովհետեւ միայն Շիքակօ Պուլզ եւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ յաջողած են այդ մէկը իրագործել մինչեւ օրս:
Ճէյլըն Ուիլիամս 25 կէտ եւ 8 էսիսթ ձեռք ձգեց ի նպաստ Օքլահոմայի: Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 112-108 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ֆիլատելֆիա 76-ըրզը:
Լուքա Տոնչիչ 31 կէտ, 15 ռիպաունտ եւ 11 էսիսթ ձեռք ձգեց թրիփըլ տապըլ իրագործելով, մինչ վեթերան Լըպրոն Ճէյմս 29 կէտ նշանակեց Լէյքըրզի հաշուոյն: Թայրիս Մեքսի եղաւ Ֆիլատելֆիա աստղը` նշանակելով 28 կէտ եւ 9 էսիսթ, մինչ Ժոել Էմպիիտ տակաւին չկրցաւ իր մակարդակը վերագտնել, եւ բաւականացաւ 16 կէտով:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Նիւ Եորք Նիքս – Օրլանտօ Մեճիք 106-100
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Պոսթըն Սելթիքս 113-121
Չարլոթ Հորնեթց – Տենվըր Նակեթց 106-115
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 119-96
Շիքակօ Պուլզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 91-123
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 108-112
Եութա Ճեզ – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 101-131


