Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի Նոյեմբերի Թիւը

December 9, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հրապարակուած է ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2025-ի նախավերջին թիւը, որ յագեցած է բազմազան եւ բազմաբնոյթ յօդուածներով` քաղաքական, պատմաքաղաքական, իրաւաքաղաքական, հասարակութիւն, տարածաշրջանային, աշխարհաքաղաքական եւ ընկերային բնագաւառներու վերաբերող: Բնականաբար «Դրօշակ»-ի կիզակէտին Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանի առնչուող իրադարձութիւններն են, որոնք Հայաստանի հակազգային իշխանութիւններուն գործունէութեան իբրեւ հետեւանք` Արցախէն ետք Հայաստանը եւս կը տանին ազգային եւ պետական կեանքին սպառնացող փորձութիւններու ուղիով:

Պատմաբան Անի Մելքոնեան զուգահեռներ կը գծէ Հայաստանի իշխանութիւններուն թեթեւ ձեռքով կնքուող այսօրուան փաստաթուղթերուն եւ 1921-ին պոլշեւիկեան յեղկոմին կողմէ կնքուած պայմանագիրներուն միջեւ: Իրանագէտ Լիանա Պետրոսեան նոյն երեւոյթին կ՛անդրադառնայ` ներկայացնելով Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութիւններուն վերաբերեալ ազրպէյճանցի պետական-քաղաքական գործիչներու եւ հասարակութեան տեսակէտները: Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի փոխյարաբերութիւններուն եւ յատկապէս, այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրի միջանցք»-ի հարցին մէջ իրանագէտ Նարէ Գէորգեան կը ներկայացնէ իրանեան կողմին դիրքորոշումը:

Քաղաքագէտ եւ անվտանգութեան հարցերու մասնագէտ Արփի Աբրահամեանը կ՛անդրադառնայ ՊՐԻՔՍ կազմակերպութեան: Հեղինակը իր յօդուածին մէջ կը ներկայացնէ աշխարհի բնակչութեան մեծամասնութիւնը կազմող, արագ զարգացող եւ, փաստացի, համաշխարհային ուժի երկրորդ բեւեռի վերածուած այս թափ հաւաքող կազմակերպութեան բնոյթը, ներուժը եւ զարգացման հեռանկարները: Թրքագէտ Սաբինա Մուրադեանի յօդուածը վերնագրուած է` «Ուղղափառ կակաուզները թուրքական կառավարութեան եւ յատուկ ծառայութիւնների ուշադրութեան կենտրոնում 20-րդ դարի սկզբին»: Ծանօթ եւ անծանօթ այս ազգութեանը վերաբերող հետաքրքրական տեղեկութիւններ կը տրուին:

Բանասէր եւ մանկավարժ Անժելա Յարութիւնեան կ՛անդրադառնայ իշխանութիւններուն որոշման` Հայաստանի մէջ ազրպէյճանական դպրոցներ բանալու վերաբերեալ: Մասնագիտական հիմնաւորումով յօդուածին մէջ ներկայացուած է, թէ այդ նախաձեռնութիւնը ինչպիսի՛ սպառնալիք է հայոց ազգային ինքնութեան համար:

«Դրօշակ»-ի այս վերջին թիւը կրնաք կարդալ  այցելելով https://www.arfd.am/wp-content/uploads/2025/12/%D4%B4%D6%80%D6%85%D5%B7%D5%A1%D5%AF-%D5%A9%D5%AB%D5%BE-11-2025%D5%A9.pdf

Նախորդը

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

Յաջորդը

«Դրօշակ»- ի Առաջնորդող. Այդ Ընդդիմադիրը Եւ Մեր Առաջիկայ Քննութիւնը

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

«Եւ Ինչպէ՞ս Չհպարտանալ…» 67 Տարիներու Հաւատքի, Ծառայութեան Եւ Նուիրումի Լուսաւոր Ճամբայ

November 4, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ազգային Ժողո՞վ, Թէ՞ Քաղաքական Հաշուեյարդարի Բեմ

November 4, 2026
Վտանգը
Անդրադարձ

Նստարանէս

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.