Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ի. Թրամփ Կ՛ուզէ Լիբանանի Մէջ Կռիւի Մագլցումը Արգիլել Եւ Նեթանիահուին Կը Յանձնարարէ Դիւանագիտութեան Դիմել

December 8, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը նշեց. «Մինչ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին կը յանձնարարէ մագլցումով սպառնալէն դիւանագիտութեան դիմել եւ վստահութեան կառուցման քայլեր կատարել, Նեթանիահու կառչած կը մնայ «ամբողջական յաղթանակ»-ին, որ Համասի եւ Հըզպալլայի զինաթափումը կը ներառէ»:

«Ոչ ոք գիտէ, թէ Նեթանիահուի նպատակը ի՛նչ է, մինչ իսրայէլեան բանակը, Թրամփէն ներշնչուած աշխուժ կռիւին վերջ տուող քաղաքական հիմք մը կը փնտռէ», կը գրէ օրաթերթը:

«Մուտք գործած ենք «պատերազմի մթնշաղ»-ի փուլ, որուն ընթացքին տեղի կ՛ունենայ ժամանակաւոր զինադադար, երբ միջնորդներն ու կողմերը կը մշակեն մնայուն համաձայնութիւններ, որոնք երկար ժամանակի վրայ կը կայունացնեն մարտական գործողութիւններու դադրեցումը: Այս փուլին կողմերը կրնան շարունակել սահմանափակ զինուորական գործողութիւններ, սակայն հիմնականը դիւանագիտական բանակցութիւններն են, որոնց միջոցով կ՛որոշուին ապահովական եւ քաղաքական կարգաւորումները, որոնք յառաջիկայ տարիներուն պիտի կարգաւորեն շրջանը», կը նշէ «Ետիոթ Ահրոնոթ»:

«Այս փուլին անցումը սկսողը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփն է: Թրամփ երկուշաբթի գիշեր Իսրայէլի վարչապետին հետ զրոյցի ընթացքին վերջինիս յանձնարարեց Կազայի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ յարձակողական նախաձեռնութիւններէ եւ մագլցումով սպառնալէն աստիճանական անցում կատարել դէպի դիւանագիտութիւն եւ վստահութեան կառուցում` առ ի պատրաստութիւն Կազայի մէջ Թրամփի յատուկ «Քսան կէտերու ծրագիր»-ի գործադրութեան եւ հասնելու համար ամբողջական ու կայուն զինադադարի, ինչպէս նաեւ թերեւս այլ ճակատներու վրայ եւս յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնութիւններու: Մանրամասնութիւնները պիտի ճշդուին 28 դեկտեմբերին Ուաշինկթընի մէջ Նեթանիահուի Թրամփի հետ բանակցութիւններուն ընթացքին կամ անկէ կարճ ժամանակ ետք», կը գրէ իսրայէլեան օրաթերթը:

 

 

Նախորդը

Ապտելաթի. «Կ՛աջակցինք Որեւէ Հոլովոյթի, Որ Կը Յանգեցնէ Մագլցումի Մեղմացման Եւ Լիբանանի Վրայ Յարձակումի Ուրուականի Հեռացման»

Յաջորդը

Թեհրան. «Լիբանանի Ներքին Հարցերուն Չենք Միջամտեր, Հըզպալլան Իր Քաղաքականութիւնը Ինք Կը Ճշդէ»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.