Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի տարեշրջանի աւարտական մրցումին, այսօր «երազային աւարտական» մրցումին Թոմաս Միւլըր պիտի մրցի Լիոնել Մեսսիի դէմ:
Պայերն Միւնիխի նախկին աստղ Միւլըր կատակելով հարցուց, թէ «ինչքա՞ն համեմատութիւն ունինք յաղթելու… 10 կամ 20 տոկո՞ս, այսինքն` յոյս ունինք յաղթելու», ըսաւ ան:
«Այս վայրկեանիս ամէնէն կարեւոր բանը կեանքիս մէջ աւարտական մրցումն է», աւելցուց Միւլըր:
36 տարեկան Միւլըր 11 տարիներ առաջ մրցած էր 38 տարեկան Մեսսիի դէմ` 2014-ի Մոնտիալի աւարտականին:
Մրցումը տեղի պիտի ունենայ Ֆլորիտայի մէջ` նկատի ունենալով, որ Մայեմիի արդիւնքները աւելի լաւ էին բնական տարեշրջանին:
Մայեմի 5-1 արդիւնքով դուրս ձգած էր Նիւ Եորք Սիթի Ֆ. Ք. խումբը, եւ առաջին անգամ ըլլալով պիտի մրցի աւարտական մրցումին` Վանքուվըրի նման:
Միւլըր չորեքշաբթի օրուան փորձէն հեռու մնացած էր սրունքներուն ետեւի մկաններուն կրած վնասուածքին պատճառով: «Կարծեմ ամէն ինչ բնական է, բայց մէկը չի գիտեր, եւ հոգ չէ… մենք արդէն բաւական լաւ խումբ ենք, նոյնիսկ եթէ երկար ժամանակ չմասնակցիմ մրցումին», ըսաւ Միւլըր:


