«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումներուն, երէկ առաւօտեան Լըպրոն Ճէյմսի մրցանիշը ընդհատուեցաւ, երբ ան միայն 8 կէտ կրցաւ նշանակել Թորոնթօ Ռեփթըրզի դէմ, բայց անոր էսիսթին շնորհիւ Ռուի Հաշիմուրա 3 կէտնոց կողով նշանակեց, եւ Լէյքըրզ պարտութեան մատնեց Ռեփթըրզը 123-120 արդիւնքով:
Լըպրոն 1297 մրցումներու (բնական ախոյեանութեան) ընթացքին միշտ ալ 10 կէտերէն աւելի նշանակելով պատմական մրցանիշ մը արձանագրած էր:
Օսթըն Ռիվզ նշանակեց 44 կէտ, որոնց 22-ը` 3-րդ մասին, օգնելով Լէյքըրզին, որ յաղթէ առանց սլովենիացի Լուքա Տոնչիչի:
Պէտք է ըսել, որ Լըպրոն բաւական ձախող ելոյթ մը ունեցաւ իր 4 յաջող կողովները նշանակելով 17 փորձերէն եւ 3 կէտնոց հեռաւորութենէն 5 անյաջող փորձեր ունեցաւ: Անոր վերջին էսիսթը իր 11-րդն էր մրցումին:
Ճուլիըս Ռենտըլ 28 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզի, որ 125-116 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նիւ Օրլինզ Փելիքընզը:
Երկու օր առաջ նոյն խումբերու ճակատումին Անթոնի Էտուըրտծ 44 կէտ նշանակած էր, բայց ան երէկ միայն 11 կէտ նշանակեց ի նպաստ Թիմպըրվուլվզի, որ յաջորդական 4-րդ մրցումը յաղթեց:
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ անմոռանալի մրցումի աւարտ մը ունեցաւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի դէմ: Արդարեւ, Կոլտըն Սթէյթ 97-98 արդիւնքով կը յաղթէր, երբ Թայրիս Մեքսի փորձեց նշանակել 3 կէտնոց անյաջող կողով մը, բայց վրայ հասաւ Վի. Ճէյ. Էճքոմպ, որ գնդակը զետեղեց Ուորիըրզի կողովին մէջ: Ուորիըրզ, որ 0,6 երկվայրկեան ունէր, շատ արագ խաղցաւ եւ գնդակը հասցուց Տէ՛Անթոնի Մելթոնի, որ հանգիստ կողով մը կը նշանակէր, երբ վրայ հասաւ Մեքսի` կայծակի արագութեամբ պլոք կատարելով, եւ յաղթանակը նուիրեց Ֆիլատելֆիայի:
Մեքսի 35 կէտ նշանակեց ի նպաստ 76-ըրզի, որուն վերադարձած էր Ժոել Էմպիիտ երկար բացակայութենէ ետք: Փաթ Սփենսըր 16 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ուորիըրզի, որ 24 կէտի տարբերութիւնը կրցած էր նուազեցնել եւ առաջ անցնիլ նոյնիսկ առանց Սթեֆ Քըրրիի, Ճիմի Պաթլըրի (վիրաւոր էին) եւ Տրէյմընտ Կրինի, որ Բ. մասին վիրաւորուեցաւ:
Պոսթըն Սելթիքս 146-101 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Ուաշինկթըն Ուիզըրտծը: Տերիք Ուայթ 30 կէտ եւ 9 էսիսթ կատարեց Սելթիքսի հաշուոյն, մինչ Սի. Ճէյ. Մըքոլում 22 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ուիզըրտծի, որ 18-րդ պարտութիւնը կրեց 21-րդ մրցումին:


