Չորեքշբաթի, 26 Նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ասմունքի եւ երգի գեղարուեստական երեկոյ մը, որուն ընթացքին տաղանդաւոր ասմունքող Անի Սարաֆեան- Եփրեմեանի կողմէ հնչեցին հայ բանաստեղծական գոհարներ` Գէորգ Էմինէն, Պարոյր Սեւակէն, Դանիէլ Վարուժանէն, Վահան Թէքէեանէն, Կոստան Զարեանէն, Համօ Սահեանէն, Սիլվա Կապուտիկեանէն, Ռուբէն Զարդարեանէն, Աւետիք Իսահակեանէն եւ ուրիշներէ:
Հնչեցին նաեւ ընտիր հայկական երգեր` կատարողութեամբ հայրենի տաղանդաւոր սոփրանօ Յասմիկ Յարութիւնեանի:
Երեկոն կեդրոնացած էր հայ բանաստեղծութեան թրթիռներուն վրայ, որոնք հնչեցին` զգացումով, նրբազգաց արտայայտութեամբ եւ բառին ու նուագին մէջ թաքնուած հոգեվիճակները խորքով մեկնաբանող ասմունքներով:
Նոյն ճոխութեամբ հնչեցին հայկական երգարուեստի սիրուած ստեղծագործութիւնները, որոնց կատարումները իրենց հարազատ ջերմութեամբ եւ անբիծ երաժշտական որակով հանդիսատեսին ընծայեցին իսկական արուեստի վայելք:
Երեկոյի աւարտին մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրաքտարեան «Մայրիներու յուշանուէր»-ով մեծարեց ասմունքող Անի Սարաֆեան-Եփրեմեանը` լիբանանահայ մշակութային կեանքին մէջ անոր ունեցած երկարամեայ վաստակին համար, ինչպէս նաեւ` անոր հիմնած «Բեմին ձայնը» ծրագիրին յաջողութեան համար:
Գեղարուեստական բարձր մակարդակով յագեցած երեկոյ մը, որուն ընթացքին արուեստը դարձաւ միասնութեան շունչ եւ ոգեւորող յիշեցում այն մասին, որ դժուար օրերուն իսկ հայ հոգին կը շարունակէ ստեղծել, երգել եւ բարձրանալ:


