Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրեմլինի Մէջ Ռուս-Ամերիկեան 5 Ժամ Տեւողութեամբ Բանակցութիւններ

December 4, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 2 դեկտեմբերին Քրեմլինի մէջ ընդունած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆը եւ Թրամփի փեսայ Ճարետ Քուշները` բանակցելու համար ուքրանական պատերազմի դադրեցման շուրջ:

Հինգ ժամ տեւած հանդիպումին մասնակցած են Ռուսիոյ ղեկավարի բանագնաց Քիրիլ Տմիթրիեւ եւ Փութինի օգնական Եուրի Ուշաքով:

Վերջինս հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Ռուսիան ու Միացեալ Նահանգները Ուքրանիոյ խաղաղութեան հարցին շուրջ փոխզիջումի չեն հասած, եւ խաղաղութիւնը ո՛չ մօտ է, ո՛չ ալ հեռու»:

Ան նշեց, որ կողմերը չեն կրցած փոխզիջումի գալ ամէնէն բարդ հարցերէն մէկուն` տարածքային վէճերու շուրջ:

Ուշաքով քննարկումները որակեց կառուցողական եւ բովանդակալից, սակայն ընդունեց, որ Ուքրանիոյ հարցին մէջ տարակարծութիւնները կը մնան:

«Կողմերը քննարկած են խաղաղութեան ծրագիրի քանի մը տարբերակներ, ներառեալ` տարածքներու հարցը, եւ համաձայնած շարունակել հաղորդակցութիւնները: Ուքրանիոյ համար տակաւին փոխզիջումնային ծրագիր չկայ. ամերիկեան որոշ առաջարկներ ընդունելի են Ռուսիոյ համար, իսկ միւսները` ոչ», ըսած է Ռուսիոյ նախագահի օգնականը:

Ուշաքով նշեց, որ քննարկումները չեն կեդրոնացած համաձայնութեան «շօշափելի մշակումներու» վրայ, այլ «խորքին», եւ Մոսկուային ներկայացուած շարք մը փաստաթուղթեր քննարկուած են առանց անոնց վերաբերեալ յաւելեալ մանրամասնութիւններու ներկայացման:

Ռուսիոյ նախագահի օգնականը ըսաւ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ժողովի ընթացքին քննարկած է այս բանակցութիւններուն վերաբերեալ եւրոպացիներուն որդեգրած «քանդիչ քայլերը»:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Նախկին Դեսպան Քարամը Նշանակեց Մեքանիզմի Յանձնախումբին Մօտ Լիբանանեան Պատուիրակութեան Նախագահ

Յաջորդը

Թրամփ. «Շատ Կարեւոր Է, Որ Իսրայէլ Սուրիոյ Հետ Ուժեղ Եւ Իսկական Երկխօսութիւնը Պահպանէ»

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.