Թուրքիան կը քննարկէ յառաջիկայ վեց ամսուան ընթացքին Հայաստանի հետ ցամաքային սահմանը վերաբանալու հարցը` վերացնելով Պաղ պատերազմի դարաշրջանի Եւրոպայի վերջին փակ սահմանը եւ հող նախապատրաստելով Կովկասի մէջ առեւտուրի վերականգնման համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Պլումպըրկ»-ը` յղում կատարելով իր աղբիւրներուն:
Թուրքիան Հայաստանի հետ սահմանը փակած է 1993 թուականին` Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք` Արցախ-Ազրպէյճան տագնապի լոյսին տակ:


