Ըստ լրագրող Սուրէն Մելիքսէթեանի, Հայաստանի ազգային խումբի եւ Ուրարտու ակումբի յետսապահ Էրիք Փիլոյեան կրնայ տեղափոխուիլ սլովաքիական Փոտպրեզովա ակումբ, ուր արդէն իսկ ելոյթ կ՛ունենայ անոր հայրենակից Դաւիթ Յակոբեան:
Ըստ աղբիւրին, տեղափոխութիւնը պիտի ըլլայ վերջնական փոխանցում, մանաւանդ որ սլովաքիական ակումբին առաջարկը կը բաւարարէ Ուրարտուի պահանջը, եւ այժմ լուրջ բանակցութիւններու մէջ են զոյգ ակումբները:
24 տարեկան Փիլոյեան Ուրարտուի հետ 18 ելոյթ ունեցած է` նշանակելով 2 կոլ: Ան 8 ելոյթ ալ ունեցած է Հայաստանի ազգային խումբին հետ:
Փոտպրեզովա այս տարեշրջանին Սլովաքիոյ ախոյեանութեան 6-րդ դիրքը կը գրաւէ:
Էրիք Փիլոյեան Ալաշկերտի ֆութպոլիստ Էտկար Փիլոյեանի եղբայրն է: 2025-ի սեպտեմբերէն Փիլոյեան Հայաստանի հաւաքականի հիմնական մարզիկ է Եղիշէ Մելիքեանի հետ, ան տպաւորիչ ելոյթներ ունեցած էր Իրլանտայի եւ Հունգարիոյ ազգային խումբերուն դէմ:


