Երէկ առաւօտեան Պուրճ Համուտի բնակիչները եւ դպրոցական աշակերտներ ողջունեցին եւ դիմաւորեցին Լեւոն ԺԴ. պապը, որ Պէյրութ կ՛ուղղուէր նախագահելու համար սուրբ պատարագին:
Ներկաներու շարքին էին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամները, ինչպէս նաեւ շրջանի ներկայացուցիչներ:
Այս առիթով ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը հնչեցուց ազգային եւ լիբանանեան եղանակներ:




