Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ֆորմիւլա 1». Վաղը Քաթարի Մէջ Կրնայ Վճռուիլ 2025-ի Ախոյեանը

November 29, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր եւ վաղը Քաթարի մէջ տեղի կ՛ունենան սփրինթի եւ բնական կրան փրիները, որոնց արդիւնքներուն հիմամբ կրնայ վճռուիլ աշխարհի ախոյեանի անունը:

Սփրինթի մրցումի ախոյեանը 8 կէտ կը շահի, իսկ վաղուան կրան փրիին` 25 կէտ, բան մը, որ կրնայ բաւարար ըլլալ, մանաւանդ որ առաջին դիրքը գրաւող Լանտօ Նորիս («Մաքլարեն») 24 կէտի առաւելութիւն ունի իր խմբակից Օսքար Փիասթրիի եւ «Ռետ Պուլ»-ի վարորդ Մաքս Վերշթափընի վրայ:

Այժմու վիճակը նկատի առնելով` Վերշթափըն շատ լաւ մակարդակի մէջ կը գտնուի եւ տարեշրջանի մեծ տարբերութեամբ ետ մնալէ ետք ինքզինք գտած է եւ «մթնոլորտին մէջ մտած»:

Վերշթափըն իր վերջին 7 կրան փրիներուն 4 յաղթանակներ արձանագրեց` այս տարուան իր 6-րդ յաղթանակին հասնելով Վեկասի մէջ անցեալ շաբաթավերջին:

Նորիս եւ Փիասթրի 7-ական յաղթանակներ ունին: Քաթար, որ հարուստ է միջակ արագութեամբ անկիւններով եւ դարձուածքներով, կրնայ շատ արդիւնաւէտ ըլլալ այն ինքնաշարժներուն համար, որոնք լաւ պատրաստուած են միջին «տաունֆորս»-ով, ուր ինքնաշարժը դէպի գետին աւելի «կառչած» կը յառաջանայ:

Անիւներու համար դժուար մրցում մը կրնայ ըլլալ, բայց նկատի ունենալով, որ մրցումը գիշերով է (ժամը 18:00-էն սկսեալ), անոնք շատ տաքնալով չեն մաշիր:

Առաջին անգամ Լուսէյլի մէջ տեղի ունեցող կրան փրին 2021-ին իր բացման ելոյթը ունեցած է, ուր Լուիս Համիլթըն իր «Մերսետես»-ով փոլ-փոզիշընը եւ կրան փրին շահած է: Տարուան մը դադարէ ետք, 2023-ին եւ 2024-ին աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափըն կրցած էր շահիլ:

Լուսէյլի շրջավազքը 5,419 քմ. է եւ կը բաղկանայ 57 շրջաններէ, ուր ինքնաշարժներ առնուազն 2 անգամ պէտք է փոխեն իրենց անիւները: Անիւ փոխելու պարագային վարորդները 26,3 երկվայրկեան կրնան կորսնցնել:

 

 

Նախորդը

Նիկոլ Աղբալեանի 150-Ամեակ. Նիկոլ Աղբալեան` Հայ Գիրի Ու Մշակոյթի Ջահակիրը

Յաջորդը

«Քոնֆերենս Լիկ». Նոա 1 Կէտով Վերադարձաւ Սկովտիայէն

RelatedPosts

Փարաբազկամարտ.  Հայաստան 5 Մետալ Նուաճեց
Մարզական

Փարաբազկամարտ. Հայաստան 5 Մետալ Նուաճեց

November 10, 2026
Ճատրակ.  Ռոպերթ Փիլիպոսեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Ճատրակ. Ռոպերթ Փիլիպոսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

November 10, 2026
Վան Տայք Շատ Հաւանաբար  Միանայ Պարսելոնային
Մարզական

Վան Տայք Շատ Հաւանաբար Միանայ Պարսելոնային

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.