Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նիկոլ Աղբալեանի 150-Ամեակ. Նիկոլ Աղբալեան` Հայ Գիրի Ու Մշակոյթի Ջահակիրը

November 29, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒԱՆ Ճ. ԱԲԷԼԵԱՆ

Կ՛ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր կեանքը օրէ օր աւելի կը բարդանայ, համացանցը եւ տարբեր գործունէութիւնները աւելիով կը խլեն մեր ժամանակը, իսկ այն բաները, որոնք կարեւոր են մեր կեանքին մէջ, կը մնան լուսանցքէ դուրս, ինչպէս` եկեղեցին, ընթերցանութիւնը, մշակոյթը եւ հայրենասիրութիւնը:

Օտարամոլութիւնը վերջերս աւելի սկսած է տեղ գտնել մեր առօրեայ կեանքին մէջ, յատկապէս` օտար վարժարան յաճախելը: Մարդիկ կարծես մրցումի ելած են` ո՞վ ո՛ր օտար դպրոցը պիտի ղրկէ իր զաւակը: Սակայն երբ դժուարութիւններ եւ հարցեր ունենանք, կը յիշենք մեր հայութիւնը, եկեղեցին եւ ակումբը:

Աշխարհի սկիզբէն ի վեր չարը, նախանձը գոյութիւն ունին, եւ բազմաթիւ մարդիկ, հակառակ այս բոլորին, իրենց լաւագոյնը տուին մարդկութեան համար, եւ անոնցմէ շատերը հայեր էին:

Քիչ չէ թիւը հայրենասէր եւ անձնազոհ հայերուն: Մեզի համար աններելի է մոռնալ այդ տաղանդաւոր եւ հայրենասէր անհատները, որոնցմէ մէկն է Նիկոլ Աղբալեանը:

Նիկոլ Աղբալեան նուիրեալ ուսուցիչ, մանկավարժ մըն էր, անոր համար հայ անհատը, աշակերտը եւ ուսումը կարեւորագոյն տարրերը եղած են: Աղբալեանի համար հայ ժողովուրդին գոյատեւումը ազգային հիմնական հարցերէն մէկը հանդիսացած է այդ օրերուն: Հակառակ իր ապրած ժամանակաշրջանի դժուարութիւններուն` Աղբալեան, Լեւոն Շանթ, Ղազարոս Աղայեան, Թումանեան եւ ուրիշներ իրենց լաւագոյնը ըրին հայ ժողովուրդին օգնելու համար: 20-րդ դարու սկիզբը նեղութիւնները բազմաթիւ էին` ըլլայ այդ մէկը հոգեւոր, ֆիզիքական…

Ժողովուրդին մէջ այլասերում կար, որովհետեւ թշնամիները շատ էին, ինչպէս` ռուսերը, թուրքերը, պարսիկները, գաղթը, ջարդը…

Հակառակ այս բոլորին` Աղբալեան եւ անոր գրասէր ու հայրենասէր ընկերները իրենց լաւագոյնը կատարեցին հայապահպանման համար: Չկարծենք, թէ այդ օրերը մեր ներկայ պայմաններէն աւելի լաւ էին, սակայն Աղբալեանի համար հայապահպանումը կարեւոր էր գոյատեւելու համար: Ան եղած է հաւատարիմ կուսակցական ՀՅԴ-ի շարքերէն ներս: Բայց ես այսօր կ՛ուզեմ անդրադառնալ անոր Համազգայինի  գործունէութեան: Նիկոլ Աղբալեան եղած է կարեւոր սիւներէն մէկը Համազգայինի եւ տիրական դերակատարութիւն ունեցած է Ճեմարանի հիմնադրութեան մէջ: Աղբալեան կը հաւատար, որ ուսումը կարեւոր է մանուկին, պատանիին, չափահասին…

Հայոց ցեղասպանութիւնը հնձած էր մեր ընտրանին, շատեր իրենց հայրենի հողը պարտադրաբար լքած էին, եւ առանց Հայ եկեղեցւոյ ու դպրոցին` անկարելի էր գոյատեւել: Այդ պատճառով 1928-ին Գահիրէի մէջ հիմնեցին Համազգային հրատարակչական ու մշակութային ընկերակցութիւնը, որուն կարեւորագոյն նպատակն էր կրթութիւնը:

Համազգայինի նպատակն էր նոր սերունդին տալ հայեցի դաստիարակութիւն, օգնել, որ չափահասները ինքնազարգացում ունենան եւ օգտակար դառնան հայագիտութեան զարգացումին: Որպէս փաստ` այսօր ունինք Ճեմարանը, որուն հիմնադիրներէն մէկն էր Աղբալեան: Դիւրին չէր այդ օրերուն դպրոց հիմնել, մանաւանդ որ Ցեղասպանութենէն անցած էր մօտաւորապէս տասը տարի, եւ աղքատութիւնը տակաւին կը շարունակէր: Մարդիկ հացի համար պայքար կը մղէին, նոյն ատեն խումբ մը մտաւորականներ կը ջանային վառ պահել հայ գիրն ու երգը, եւ անոնք շատ բան դրին իրենց կեանքէն` հիմնելու համար հայ դպրոցը: Աղբալեանի նպատակն էր սորվեցնել հայ մանուկին, որ մենք հայրենիք ունինք եւ, անոր կողքին, պէտք է սորվինք մեր լեզուն: Աղբալեան Պէյրութի ճեմարանին մէջ ստեղծեց առողջ մթնոլորտ մը, որպէսզի նոր սերունդին ներշնչեն սորվելու փափաքը: Գրագէտ, քննադատ Աղբալեան նոր շունչ տուաւ հայ մանուկին եւ ամէնէն կարեւորը` իր այդ գործով աշակերտներուն ցոյց տուաւ, որ Հայաստանը կ՛ապրէր եւ կը գոյատեւէր իւրաքանչիւր հայ անհատի սրտին մէջ: Ան միշտ ջանացած է բարձրագոյն ուսում ջամբել իր աշակերտներուն:

Նիկոլ Աղբալեան նաեւ ուսումնասիրած է մատենագրութիւնը եւ իր դասախօսութիւններուն ընդմէջէն հայ երիտասարդութեան մէջ վառ պահած է լոյսը եւ ուսման փափաքը:

Ան ապրած է նաեւ Շթորայի մէջ, եւ երբ առաջին անգամ մուտք գործած է այնտեղ`  ըսած է, «Սա Հայաստան է»: Նախքան Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը` մեծ թիւով հայութիւն կար հոն, ուր կը գործէր Նիկոլ Աղբալեանի դպրոցը, որ սակայն երկար տարիներէ ի վեր փակ է:

Նիկոլ Աղբալեան նաեւ եղած է հիմնադիրներէն մէկը Համազգային մշակութային միութեան, որ մինչեւ օրս կը գործէ աշխարհի բոլոր այն երկիրներուն մէջ` հայութեան մէջ կենդանի պահելով եւ տարածելով հայ գիրն ու մշակոյթը: Համազգայինի միջոցով է, որ կը գոյատեւեն` հայ երգը, պարը, թատրոնը եւ արուեստի տարբեր տեսակներ:

Աղբալեանի օրերուն, երբ հայը տակաւին իր ցաւերով եւ կորուստներով կ՛ապրէր, այդ ժամանակ խումբ մը հայրենասէր մտաւորականներ կը մտածէին, թէ ինչպէ՛ս կրնան  զանազան ձեւերով այդ տառապող հայուն օգտակար դառնալ: Այդ ձեւերէն մէկն էր վառ պահել հայ մշակոյթը եւ հայ նորահաս սերունդին մէջ արթնցնել սէրը հայ երգին, լեզուին, մանաւանդ որ այդ օրերուն մեր հայրերէն  շատերը թրքախօս էին:

Աղբալեան մեծահարուստ անձ մը չէր, ան ունէր իր անձնական մտահոգութիւնները, կը տառապէր ազգին կրած դժուարութիւններուն պատճառով, բայց իր մէջ հայրենասիրութիւնը աւելի բարձր կը հնչէր, այդ պատճառով ան ուզեց իր հայ ազգի զաւակներուն ծառայել դպրոցով եւ մշակոյթով:

Ներկայ օրերուն, երբ կեանքի պայմանները աւելի դիւրին ու մատչելի են շնորհիւ համացանցին, հեռատեսիլին, հայերէն գիրքերուն, պէտք է մեր առաւելագոյնը ընել հայ սերունդները կապելու հայ գիրին, մշակոյթին եւ արուեստին` անոնց մէջ վառ պահելու հայկականութիւնը:

Աղբալեանի նպատակն էր հայը հայ պահել եւ ցոյց տալ աշխարհին, որ մենք եւրոպացի եւ կամ այլ ազգերու չենք պատկանիր ու մենք ալ կրնանք շարունակել մեր նախահայրերուն սկսած ճամբան եւ ջահը փոխանցել նոր սերունդին:

 

 

Նախորդը

Նիկոլ Աղբալեանի 150-Ամեակ. Սուրի Ու Երգի Համաստեղութիւն Մը. Նիկոլ Աղբալեան

Յաջորդը

«Ֆորմիւլա 1». Վաղը Քաթարի Մէջ Կրնայ Վճռուիլ 2025-ի Ախոյեանը

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.