Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»-ի 82-րդ Առցանց Լսարան. «Խաղաղութիւնը Չի Կրնար Հաստատուիլ, Մինչեւ Որ Փաստաթուղթերու Մէջ Նկատուող Բացթողումները Չլուծուին», Հրայր Պալեան

November 29, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ»-ի առցանց 82-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 27 նոյեմբեր 2025-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 19:00-ին: Լսարանին դասախօսեց հակամարտութիւններու լուծման փորձագէտ, «Քարթըր» կեդրոնի նախկին տնօրէն Հրայր Պալեան: Նիւթն էր` «Թրամփի ուղի»-ի յայտարարուած եւ չյայտարարուած կէտերը»: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:

Դասախօսը խօսեցաւ Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած եւ նախաստորագրուած բոլոր փաստաթուղթերուն մասին: Մանրամասն կեդրոնանալով իւրաքանչիւր կէտի վրայ` ան ներկայացուց ուաշինկթընեան պայմանաւորուածութիւններուն առաւելութիւններն ու անպատեհութիւնները:

Այս կէտերու ներկայացման ընթացքին ան խօսեցաւ` վերադարձի իրաւունքի, հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման, Սիւնիքի հաղորդուղիներու նկատմամբ գոյութիւն ունեցող տարբեր մօտեցումներուն եւ իրաւական մեկնաբանութիւններուն, ինչպէս նաեւ 907 յօդուածի տեսքով Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ազրպէյճանի դէմ կիրարկուած սահմանափակումները վերացնելու որոշումին, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի լուծարման եւ այս բոլորէն բխած հետեւանքներուն մասին:

Դասախօսը յատուկ կերպով անդրադարձաւ նաեւ խաղաղութեան պայմանագիրին նախաստորագրուած փաստաթուղթի 15-րդ կէտին, ուր կողմերը յանձնառութիւն կը ստանձնեն միջազգային ատեաններէն ետ քաշել իրարու դէմ յարուցուած դատերը: Այս առումով, Հրայր Պալեան հիմնական բացթողում  նկատեց ներպետական դատերը չներառելը, այլ խօսքով, այդ փաստաթուղթերուն մէջ Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող Արցախի գերիներուն եւ պատանդներուն չանդրադառնալը:

Լսարանը առիթ եղաւ անդրադառնալու նաեւ խաղաղութեան պայմանագիրի նախաստորագրուած փաստաթուղթի  13-րդ կէտին, ուր կողմերը կը հաստատեն, որ չեն կրնար վկայակոչել ներքին օրէնսդրութիւնը պայմանագիրը չկատարելու համար: Մինչդեռ Պաքուն կը շարունակէ պահանջել Հայաստանի սահմանադրութեան փոփոխութիւնը` պայմանագիրը ստորագրելու համար:

Բազմակողմանի քննարկումի ենթարկած Հրայր Պալեանի փորձագիտական զեկուցումին յաջորդեց նոյնքան բարձրորակ քննարկում` մասնակցութեամբ պատմագէտներու, ակադեմականներու, խմբագիրներու եւ իրաւական-քաղաքական ոլորտի մէջ հեղինակութիւն նկատուող անուններու:

Լսարանին տեսագրութիւնը տեղադրուած է «Ազդակ»-ի եութուպեան ալիքին վրայ` https://youtu.be/wOFl8AWFVg0

Նախորդը

Խաչքարերու Մոխիրը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Սեղանին Վրայ

Յաջորդը

Սեռային Հիմքի Վրայ Բռնութեան Դէմ 16-Օրեայ Արշաւ

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.