Վրաստանը կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի ընթացքը: Այս մասին յայտարարած է Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Մաքա Պոճորաշվիլի:
«Այս հոլովոյթը կարեւոր է շրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ զարգացման համար, ինչպէս նաեւ պիտի նպաստէ շրջանի «Միջին միջանցք»-ի մէջ դերի հետագայ ամրապնդման», նշած է Պոճորաշվիլի:
Վրացական դիւանագիտութեան պետը ընդգծած է, որ Վրաստան ուշադիր կը հետեւի շրջանին մէջ տեղի ունեցող հոլովոյթներուն եւ սերտ կապեր կը պահէ թէ՛ Ազրպէյճանի, թէ՛ ալ Հայաստանի հետ:


