«Չեմփիընզ լիկ»-ի 5-րդ շաբթուան մրցումներու երկրորդ օրուան արդիւնքներն ալ եղան առաջինին օրուան արդիւնքներուն նման անակնկալ, ուր Նետերլանտներու Այնտհովըն քաղաքի ՓՍՎ-ն անակնկալի բերաւ Լիվըրփուլը` Էնֆիլտի մէջ, Աթլեթիքօ Մատրիտ 93-րդ վայրկեանին յաղթեց Ինթեր Միլանին, մինչ Արսենալ 3-1 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Պայերն Միւնիխի վրայ:
Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած «գագաթի մրցում»-ին, գեղեցիկ յարձակումներով հարուստ առաջին կիսախաղին, Արսենալ 1-1 արդիւնքով աւարտեց Պայերնի դէմ իր մրցումը, ուր Թիմպըր քոռնըրէ մը ետք նշանակած էր Արսենալի կոլը, իսկ 17 տարեկան Լենարտ Քարլ` Պայերնի հաւասարութեան կոլը:
Բ. կիսախաղին Արսենալ աւելի վտանգաւոր էր, եւ ամէն քոռնըրի վտանգ կար կոլ նշանակելու: Ճիշդ է, որ երկու խումբերէն բացակայ մարզիկներ կային, եւ պէտք է ըսել, որ խումբերը «վարժուած» էին առանց այդ բացականերուն յաղթելու, բայց Պայերն ազդուեցաւ Լուիս Տիասի բացակայութենէն (կարմիր քարտ ստացած էր Փարիզ Սեն Ժերմենի դէմ մրցումին):
Նոնի Մատուեքէ արագ հակայարձակումով նշանակեց վայրկեան մը առաջ դաշտ ներկայացած Ռիքարտօ Քալաֆիորիի փոխանցումէն ետք: Պայերն տիրապետեց, բայց հակայարձակում մը եւս, եւ Մարթենելլի կրցաւ արագ ձեւով խաբել դաշտին կեդրոնը հասած Մանուէլ Նոյըրը եւ ուղղուեցաւ դատարկ բերդ` նշանակելով 3-րդ կոլը:
Ասիկա Արսենալի 16-րդ անյաղթ մրցումն էր, մինչ Պայերն իր 22-րդ մրցումին կրեց իր առաջին պարտութիւնը: Արսենալ իր 5-րդ մրցումին ստացաւ կոլ մը` առաջին անգամ ըլլալով այս եղանակի «Չեմփիընզ լիկ»-ին:
Լիվըրփուլի ձախողութիւններու շարքը շարունակուեցաւ, եւ ան Էնֆիլտի մէջ 4-1 արդիւնքով ծանր պարտութիւն կրեց Այնտհովընէն:
Իվան Փերիշիչ, Կուս Թիլ եւ Քուհէյպ Տարուիշ (2) նշանակեցին 4 կոլերը, որոնք աւելի եւս դժուարացուցին Առնէ Սլոթի գործը: Վերջինիս վրայ ճնշումը կ՛աւելնայ: Հունգարացի Տոմինիք Սոպոսլայ նշանակած էր 1-1-ի կոլը, եւ Լիվըրփուլ, որ մանաւանդ պաշտպանողական մեծ հարցեր ունի, կրեց իր 9-րդ պարտութիւնը իր վերջին 12 մրցումներուն:
Ինթեր Միլան առանց Հենրիխ Մխիթարեանի 93-րդ վայրկեանին կոլ մը ստացաւ եւ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Աթլեթիքօ Մատրիտի դաշտին վրայ:
Ինթեր Միլան, որ շատ աւելի լաւ խաղցաւ, քան Աթլեթիքոն, չկրցաւ առիթները կոլի վերածել, մինչ Աթլեթիքոյի խաղարկութիւնը աւելի արդիւնաւէտ էր:
Ֆրանսացի Քիլիան Էմպափէ ըստ երեւոյթին շատ հանգիստ կը զգայ Ռէալ Մատրիտի հետ եւ 4 կոլ նշանակեց Օլիմփիաքոսի դաշտին վրայ:
Ռէալ, որ պաշտպանողական գիծի հարցեր ունի, 3 կոլ ստացաւ, բայց կրցաւ 3 կէտեր շահիլ: Նշենք, որ Ռէալ Մատրիտէն Վինիսուս Ժունիոր, Ճուտ Պելինկհամ եւ Ֆետերիքօ Վալվերտէ վերջերս իրենց քննադատութիւնները ուղղած էին մարզիչ Չապի Ալոնսոյին, որուն չի հետաքրքրեր անոնց անունները եւ կը փոխարինէ զանոնք որեւէ այլ մարզիկի նման: «Շփացած» ֆութպոլիստներու համար վստահ այս խիստ ոճը կրնայ հարցեր ստեղծել: Հարցը հոն է, որ Ռէալի նման խումբեր, որոնցմէ միշտ կը սպասուի յաղթել, ձախողութիւններու պահուն շատ «դիւրին» մարզիչ կրնան փոխել համակիրներուն ճնշումներուն պատճառով:
Ստորեւ 5-րդ շաբթուան երկրորդ օրուան մրցումներուն արդիւնքները եւ դասաւորումը.
Փարիզ Սեն Ժերմեն – Թոթենհամ 5-3
Օլիմփիաքոս – Ռէալ Մատրիտ 3-4
Արսենալ – Պայերն Միւնիխ 3-1
Լիվըրփուլ – ՓՍՎ Այնտհովըն 1-4
Աթլեթիքօ Մատրիտ – Ինթեր Միլան 2-1
Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ – Աթալանթա 0-3
Սփորթինկ Լիզպոն – Ֆ. Ք. Պրիւժ 3-0
Փաֆոս – Մոնաքօ 2-2
Ֆ. Ք. Քոփենհակըն – Քայրաթ Ալմաթի 3-2
Ընդհանուր դասաւորում.
1.- Արսենալ 15 (14-1)
2.- Փարիզ Սեն Ժերմեն 12 (19-8)
3.- Պայերն Միւնիխ 12 (15-6)
4.- Ինթեր Միլան 12 (12-3)
5.- Ռէալ Մատրիտ 12 (12-5)
6.- Տորթմունտ 10 (17-11)
7.- Չելսի 10 (12-6)
8.- Սփորթինկ Լիզպոն 10 (11-5)
9.- Մանչեսթըր Սիթի 10 (10-5)
10.- Աթալանթա 10 (6-5)
11.- Նիւքեսըլ 9 (11-4)
12.- Աթլեթիքօ Մատրիտ 9 (12-10)
13.- Լիվըրփուլ 9 (10-8)
14.- Կալաթասարայ 9 (8-7)
15.- ՓՍՎ Այնտհովըն 8 (13-8)
16- Թոթենհամ 8 (10-7)
17.- Պայեր Լեւերքուզըն 8 (8-10)
18.- Պարսելոնա 7 (12-10)
19.- Քարապաղ 7 (8-9)
20.- Նափոլի 7 (6-9)
21.- Մարսէյ 6 (8-6)
22.- Եուվենթուս 6 (10-10)
23.- Մոնաքօ 6 (6-8)
24.- Փաֆոս 6 (4-7)


