Ճէյլըն Պրաուն եւ Տերեք Ուայթ վերջ դրին Տիթրոյիթ Փիսթընզի յաղթանակներու շարքին, որ հասած էր 13-ի:
Քէյտ Քանինկհեմի 42 կէտերը բաւարար չեղան, որ Տիթրոյիթ յաղթէ եւ մրցանիշ ձեռք ձգէ (իր պատմութեան ընթացքին) 14-րդ յաղթանակը արձանագրելով:
Պրաուն 33 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Ուայթ իր 27 կէտերուն 11-ը նշանակեց մրցումի վերջին 4 վայրկեաններուն:
Թորոնթօ Ռեփթըրզ իր յաջորդական 9-րդ յաղթանակը արձանագրեց շնորհիւ Պրենտըն Ինկրամի կարեւոր կէտերուն` պարտութեան մատնելով Ինտիանա Փէյսըրզը 97-95 արդիւնքով:
Սքոթի Պրանզ 24 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Թորոնթոյի:
Անցեալ տարուան ախոյեան Օքլահոմա Սիթի Թանտըր իր յաջորդական 10-րդ յաղթանակը արձանագրեց 113-105 արդիւնքով` Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզի դէմ:
Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտր 40 կէտ նշանակեց ի նպաստ Թանտըրի, մինչ Անթոնի Էտուըրտծ 31 կէտ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Մինեսոթայի, որ 8-րդ պարտութիւնը կրեց 18 մրցումներու ընթացքին:
Հիուսթըն Ռոքեթց 104-100 արդիւնքով կրցաւ պարտութեան մատնել Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզը` կիսախաղին 12 կէտով ետ մնալէ ետք:
Ռիտ Շեփըրտ իր ասպարէզի առաւելագոյն կէտերը նշանակեց (31 կէտ) այս մրցումին, մինչ Ալփերեն Շենկիւն 16 կէտ աւելցուց Հիուսթընի հաշուոյն, որ յաջորդական երկրորդ մրցումը ըլլալով խաղցաւ առանց Քեւըն Տիւրենթի, որ բացակայեցաւ անձնական պատճառներով:
Նիւ Եորք Նիքս 129-101 արդիւնքով յաղթեց Չարլոթ Հորնեթցին, ուր Ճէյլըն Պրանսըն 33 կէտ նշանակեց ի նպաստ Նիքսի, որ 11-րդ յաղթանակը արձանագրեց իր 17-րդ մրցումին:
Ստորեւ` արդիւնքները.
Սաքրամենթօ Քինկզ – Ֆինիքս Սանզ 100-112
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 102-115
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Հիուսթըն Ռոքեթց 100-104
Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ 128-133
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 113-105
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Ինտիանա Փէյսըրզ 97-95
Մայեմի Հիթ – Միլուոքի Պաքս 106-103
Չարլոթ Հորնեթց – Նիւ Եորք Նիքս 101-129
Պոսթըն Սելթիքս – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 117-114


