Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սփիւռքեան Հեռանկարներ» Վերլուծական Հարթակի Մեկնարկ

November 28, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Նախաձեռնութիւնը`
Անդրադառնալու Հայկական Հիմնահարցերու

«Սփիւռքեան հեռանկարներ»-ը (Diasporan Perspectives) վերլուծական հարթակ մըն է` հիմնուած 2025-ին, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան կողմէ. անոր կեդրոնացումն են հայկական սփիւռքը եւ Հայաստանը:

Նախաձեռնութեան պաշտօնական մեկնարկը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 5 դեկտեմբեր 2025-ին, Լոնտոնի ժամով 17:30-ին: Ձեռնարկին կարելի պիտի  ըլլայ հետեւիլ  ուղիղ  հեռարձակումով:

«Սփիւռքեան հեռանկարներ» հարթակին նպատակն է հասարակական գիտութիւններու ոլորտին մէջ նոր հետազօտութիւններ հրապարակել` կեդրոնանալով սփիւռքի եւ Հայաստանի վրայ, միաժամանակ հանդէս գալով որպէս հանդիպումի վայր` առաջնորդներու, քաղաքականութիւն մշակողներու եւ փորձագէտներու: «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքին կողմէ իրականացուած նախագիծները պարարտ հող մը ստեղծեցին այս նախաձեռնութեան համար, իսկ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները անհրաժեշտ դարձուցին նման վերլուծական հարթակի մը ստեղծումը:

«Սփիւռքեան հեռանկարներ»-ը նպատակ  ունի հայկական իրականութիւնը  հասկնալ աւելի լայն  միջազգային շրջարկի մը մէջ: Սփիւռքի մէջ իսկ հիմնուած այս նախաձեռնութիւնը կը ներկայացնէ սփիւռքեան տեսակէտները ազգային հարցերու վերաբերեալ` դուրսէն ներս մօտեցում մը բերելով, միաժամանակ հայկական սփիւռքին հնարաւորութիւն տալով վերականգնել իր սեփական անկախ մտածողութիւնը ազգային հարցերու հանդէպ: Անոր առաքելութիւնն է` «Խթանել նորարար հասարակագիտական հետազօտութիւնները,  վերլուծութիւնները եւ ռազմավարական  մտածողութիւնը, որոնք փոխակերպող են, բաց են աշխարհին, եւ որոնց թիրախը  հայութիւնն է»:

«Սփիւռքեան հեռանկարներ» նախագիծի պաշտօնական մեկնարկը տեղի պիտի ունենայ քննական զրոյցով մը, որ պիտի անդրադառնայ հիմնական հարցերու` ինչո՞ւ հիմա՛ ստեղծել նման վերլուծական հարթակ մը, անիկա ինչո՞վ կը տարբերի նմանատիպ այլ նախաձեռնութիւններէ, որո՞նք են նպատակներն ու խնդիրները, սփիւռքեան հեռանկար մը ունենալը ի՞նչ կ՛ենթադրէ ազգային խնդիրներու վերլուծութեան մէջ կարելի պիտի ըլլա՞յ հետազօտութիւնները հասցէագրել որոշում կայացնողներու… Բանախօսները նաեւ պիտի պատասխանեն լսարանի հարցումներուն:

Բանախօսներն են`

– Ռազմիկ Փանոսեան, Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն:
– Վիգէն Չըթըրեան, «Սփիւռքեան հեռանկարներ» նախաձեռնութեան տնօրէն, Ժընեւի համալսարանի դասախօս, Զուիցերիա:
– Արմինէ Իշխանեան, London School of Economics and Political Science-ի Ընկերային քաղաքականութեան բաժինի դասախօս:

 

Քննարկումը տեղի պիտի ունենայ անգլերէնով:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել` https://gulbenkian.pt/armenian-communities/hy/our-news-hy/սփիւռքեան-հեռանկարներ-վերլուծական եւ www.diasporanperspectives.org

Նախորդը

Հաւատոյ Հանգանակ

Յաջորդը

«Տիւազ» Կամ Յաղթական Կիներ

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.