Հայաստանի Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան նախաձեռնութեամբ երէկ` չորեքշաբթի, 26 նոյեմբերին, Ազգային ժողովին մէջ սկսան «Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ առկայ քաղաքական բանտարկեալներու եւ անոնց խախտուած իրաւունքներու վերականգնման մասին» խորագիրով խորհրդարանական լսումներ:
Լսումներուն ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց. «Այսօր գլխաւոր դատախազը խուսափեցաւ ներկայ գտնուիլ լսումներուն մէկ պարզ պատճառով` չունենալով զեկուցումին մէջ տեղ գտած փաստերուն նկատմամբ հակափաստարկներ եւ նաեւ չունենալով պատասխաններ շարք մը ապօրինութիւններու վերաբերեալ, որոնք կ՛իրականացուին յաճախ կա՛մ դատախազութեան անմիջական նախաձեռնութեամբ, կա՛մ մասնակցութեամբ»:
Ան նաեւ անդրադարձաւ այն փաստին, որ միջազգային կառույցներու ներկայացուցիչները եւս չեն մասնակցիր լսումներուն, եւ վստահեցուց, որ պիտի գտնեն արդիւնաւէտ ձեւաչափեր այս քննարկման արդիւնքները միջազգային գործընկերներուն ներկայացնելու համար: Իշխան Սաղաթէլեան ահազանգեց, որ բոլոր անոնք, որոնք կանգնած են հայկական պետական շահերու պաշտպանութեան հիմքերուն մէջ, զանոնք կը փորձեն շինծու մեղադրանքներով կալանաւորել եւ մեկուսացնել:
Իշխան Սաղաթէլեան յորդորեց ընդդիմադիր ուժերուն միասնաբար վերահսկելու նախընտրական, ընտրական եւ յետընտրական գործընթացները: Ան վստահեցուց, որ մէկ թիրախ պիտի ունենան ընդդիմադիր ուժերը, եւ այդ թիրախը չարիքի ներկայ իշխանութիւնն է:
Իշխան Սաղաթէլեան Ազգային ժողովի ամպիոնէն համագործակցութեան հրապարակային կոչ ուղղեց ընդդիմադիր ուժերուն` ներկայացնելով առաջարկի 6 կէտ.
1.- Օրինական բոլոր միջոցներով հակազդեցութիւն բռնաճնշումներուն, քաղաքական հետապնդումներուն եւ ազատութիւններու սահմանափակումներուն նկատմամբ:
2.- Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ ազգային արժէքներու պաշտպանութիւն:
3.- Քաղաքական բանտարկեալներու իրաւունքներու պաշտպանութիւն` որեւէ քաղաքական բանտարկեալ բոլորիս քաղաքական բանտարկեալն է սկզբունքով:
4.- Ընտրական գործընթացի օրինականութեան ապահովում եւ վերահսկողութեան իրականացում.
5.- Միմեանց նկատմամբ հակաքարոզչութեան բացառում.
6.- Վարչախումբին հետ որեւէ (նաեւ յետընտրական փուլին) համագործակցութեան բացառում:
«Այս օրակարգով համագործակցութիւնը պէտք չէ որեւէ կերպ կաշկանդէ եւ սահմանափակէ քաղաքական ուժերու` իրենց ծրագիրներէն ու քաղաքական կողմնորոշումներէն բխած գործունէութեան ազատութիւնը: Այս օրակարգով մենք մտադիր ենք սկսիլ քաղաքական խորհրդակցութիւններ Հայաստանի Հանրապետութեան ընդդիմադիր դաշտին մէջ գործող բոլոր դերակատարներուն հետ», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:


