Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արտերկրի լիբանանցիներու խորհրդարական յանձնախումբը երէկ կէսօրէ առաջ գումարեց ժողով մը` նախագահութեամբ յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Ֆատի Ալամէի եւ ներկայութեամբ յանձնախումբի անդամներուն, որոնց շարքին` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի:
Յանձնախումբը ուսումնասիրեց Միջազգային դրամատունէն ուժանիւթի եւ այլընտրանքային ուժանիւթի, եւ Լիբանանի մէջ ուժանիւթի համակարգի ամրապնդման առնչուած փոխատուութիւն ստանալու վերաբերեալ օրինագիծը եւ զայն վաւերացուց:


