ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ 15 պետութիւններու ներկայացուցիչները յառաջիկայ շաբաթ Լիբանան եւ Սուրիա պիտի այցելեն: Այս մասին յայտարարեց դեկտեմբերին Ապահովութեան խորհուրդի նախագահի պաշտօնը ստանձնող սլովենիական ներկայացուցչութիւնը:
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգի տապալման միամեակէն օրեր առաջ նշեալ պետութիւններու ներկայացուցիչները 4 դեկտեմբերին պիտի այցելեն Դամասկոս, ուր հանդիպում պիտի ունենան երկրի նոր իշխանութիւններուն հետ, ներառեալ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն հետ:
Ապահովութեան խորհուրդի 15 անդամներու ներկայացուցիչները 5 դեկտեմբերին պիտի այցելեն Պէյրութ, ուր յաջորդ օրը հանդիպում պիտի ունենան ՖԻՆԻՒԼ-ի ներկայացուցիչներուն հետ:


