Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարեց. «Չենք հաւատար, որ Հըզպալլան ինքնուրոյն պիտի հրաժարի իր զէնքերէն, եւ Ուաշինկթըն անոր մինչեւ տարեվերջ ժամանակ տուած է»: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան պատկերասփիւռի 7-րդ կայանը:
«Եթէ Հըզպալլան մինչեւ տարեվերջ իր զէնքէն չհրաժարի, անգամ մը եւս Լիբանանի մէջ ուժի կիրարկման պիտի ձեռնարկենք», նշեց Քաց:
Միւս կողմէ, ԱՖՓ հաղորդեց, թէ արբանեակային լուսանկարները ցոյց կու տան, թէ Իսրայէլ կ՛ամրապնդէ հարաւային Լիբանանի մէջ իր բռնագրաւած հինգ կէտերուն մէջ գտնուող իր դիրքերը:


