Իրանի Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանի յայտնեց. «Ֆաթիմա Զահրայի նահատակութեան գիշերը նահատակուեցաւ անոր ուղիով անկեղծօրէն ընթացողներէն մէկը, ժիհատական եղբայր Հայսամ Ալի Թապաթապաին` Հըզպալլայի բարձրաստիճան ղեկավարներէն մէկը, եւ անոր շարք մը ընկերները` ձեռամբ սիոնական ոճրագործներուն:
«Անոնք իրենց նպատակին հասան, սակայն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն կը շարունակէ իր արկածախնդրութիւնները, մինչեւ որ բոլոր գիտակցին, թէ այս կեղծ գոյացութեան դիմակայման այլընտրանք չէ մնացած», ըսաւ ան:
«Այս օրհնեալ նահատակութեան համար խորին ցաւակցութիւններս կը յայտնեմ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմին եւ կուսակցութեան շարքերուն մէջ գտնուող ժիհատականներուն», յայտնեց Լարիժանի:


