Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Հարեթ Հրէյքի Թիրախաւորումը Չափազանց Վտանգաւոր Զարգացում Է, Որ Ցոյց Կու Տայ, Թէ Պէյրութը Պաշտպանելու Երաշխիքներ Չկան»

November 26, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ իսրայէլեան վերջին յարձակումը  մեկնաբանելով շեշտեց. «Հարեթ Հրէյքի թիրախաւորման մէջ ամէնէն վտանգաւորը այն է, որ Հարաւային արուարձաններն ու Պէյրութը վերստին վերածուեցան իսրայէլեան թիրախներու, եւ ասիկա չափազանց վտանգաւոր զարգացում է, որ ցոյց կու տայ, թէ թշնամիի որեւէ սանձարձակութեան եւ Լիբանանը թիրախաւորելու շարունակելուն լոյսին տակ, մայրաքաղաքն ու անոր արուարձանները պաշտպանելու իսկական երաշխիքներ չկան»: Ան այս մասին յայտարարեց «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին:

«Նոր յարձակումին բնոյթը յառաջիկայ փուլին իսրայէլեան մագլցումի կշռոյթի բարձրացման եւ ընդլայնման ցուցանիշ է, առանց որ ատոր դիմաց լուրջ միջամտութիւն մը ըլլայ «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբին կողմէ, որ զբաղած է լիբանանեան բանակը հսկելով եւ աչք կը փակէ բռնագրաւման բանակին թշնամական արարքներու դադրեցման համաձայնութեան խախտումներուն նկատմամբ», նշեց ան:

«Թշնամին կ՛օգտուի ներքին փխրուն կացութենէն` իր արարքները շարունակելու եւ լիբանանեան տարակարծութիւնները շահագործելու իր շահերուն համար», զգուշացուց Պըրրի` զարմանք յայտնելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի` Հարաւային արուարձաններուն վրայ վերջին յարձակումին վերաբերեալ մեկնաբանութեան նկատմամբ, «երբ մենք առաւելագոյն չափով կարիքը ունինք միասնականութեան, որովհետեւ ներքին միասնականութիւնը իսրայէլեան վտանգին դէմ կարեւորագոյն եւ ամէնէն հզօր զէնքն է»:

«Լիբանանի եւ արտերկրի մէջ կան մարդիկ, որոնք բանակէն զայրացած են, որովհետեւ իր ժողովուրդին հետ բախումի ներքաշուիլը մերժելով ճիշդ որոշում տուաւ, եւ գաղտնիք չէ, որ ոմանք բանակին ու անոր հրամանատարին դէմ հրահրում կը կատարեն ազգային այս առողջ ընտրանքին պատճառով», յայտնեց խորհրդարանի նախագահը:

Նախորդը

ՄԱԿ-ի Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումներուն Շուրջ Անկողմնակալ Հետաքննութեան Կոչ Կ՛ուղղէ

Յաջորդը

Ըստ Մարդկային Իրաւանց Սուրիական Դիտարանին Լաթաքիոչ Մէջ Ցուցարարներուն Դէմ Կրակոց

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.